2015-11-02 08:00:00

Նոյեմբեր ամսուայ Քահանայապետի աղօթքի դիտաւորութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան)  Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները 2014-էն սկսեալ ստանձնեցին ''տիեզերական'' եւ ''աւետարանումի'' խորագիր կրող աղօթքի դիտաւորութիւններ։

2015-ի Նոյեմբեր  ամսուայ որպէս աղօթքի դիտաւորութիւն, Նորին Սրբութիւնը ընտրած է.

''Տիեզերական'' աղօթքի դիտաւորութիւն` ''որպէսզի բացուինք անձնական հանդիպումի եւ բոլորին հետ երկխօսութեան նոյնիսկ անոնց հետ որոնք մեզմէ տարբեր համոզումներ ունին''։

Իսկ որպէս ''Աւետարանութեան'' դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի Եկեղեցւոյ Հովիւները, անհունօրէն սիրելով իրենց հօտը, կարենան առաջնորդել զանոնք միշտ վար պահելով յոյսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.