2015-11-02 10:19:00

Թուրքիոյ խորհրդարանի ընտրութիւնները


Թուրքիոյ մէջ երէկ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններու քուէներուն 98,8 առ հարիւրին արդիւնքներուն հիմամբ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը վերատիրացած է Թուրքիոյ խորհրդարանի աթոռներու մեծամասնութեան` ապահովելով քուէներուն 49,4 առ հարիւրը կամ 316 աթոռ (7 յունիսին ապահոված էր 258 աթոռ), Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը` 25,4 առ հարիւրը  կամ 134 աթոռ (7 յունիսին ապահոված էր 132 աթոռ), քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը գրաւած է երրորդ դիրքը` ապահովելով քուէներուն 10,7 առ հարիւրը կամ 59 աթոռ (7 յունիսին ապահոված էր 80 աթոռ), իսկ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը` 12 առ հարիւրը կամ 41 աթոռ (7 յունիսին ապահոված էր 80 աթոռ): Սակայն իշխող կուսակցութեան ապահոված աթոռներուն թիւը անոր չ՛արտօներ Սահմանադրութեան բարեփոխման համար հանրաքուէի մը հրաւէր ուղղել:

Քուէարկութեան մասնակցութեան համեմատութիւնն էր 81,72 առ հարիւր:

Արդիւնքին յստականալէն ետք, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու «Թուիթըր»¬ի իր էջին վրայ գրեց «Էլհամտուլիլլահ» (Փառք Աստուծոյ, «Ա.»): «Այս յաղթանակը մեր յաղթանակը չէ, ժողովուրդին յաղթանակն է», նշեց վարչապետը: Ան ընտրութիւնները նկատեց ժողովրդավարութեան յաղթանակը: Սակայն Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Սելահաթթին Տեմիրթաշ յայտարարեց, որ ընտրութիւնները արդար չէին, եւ իրենց արգիլուեցաւ կազմակերպուիլ:

Նշենք, որ ոստիկանութիւնը Քոճալիի մէկ ընտրական կեդրոնին մէջ արցունքաբեր կազ օգտագործեց` ցրուելու համար իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համակիրներուն միջեւ բախում մը: Կռիւը ծագած էր, երբ իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչը պատռած էր 80-ամեայ պառաւի մը քուէաթղթիկը, որովհետեւ անոր ազգականները կ՛օգնէին անոր:

Թուրքիոյ մէջ խորհրդարանի 550 աթոռները բաժնուած են Թուրքիոյ 81 նահանգներուն վրայ հետեւեալ ձեւով. Պոլիս 88 աթոռ, Անգարա` 32 աթոռ, Իզմիր` 26 աթոռ, Պուրսա` 18 աթոռ, Քոնիա, Ատանա եւ Անթալիա` 14-ական աթոռ, Այնթէպ եւ Ուրֆա` 12-ական աթոռ, Տիգրանակերտ, Քոճալի եւ Մերսին` 11 աթոռ, Ալեքսանտրեթ` 10 աթոռ:

Քուէատուփերը բաժնուած են 85 ընտրական կեդրոններու մէջ, իւրաքանչիւր նահանգի համար` մէկ կեդրոն, իսկ բնակչութեան մեծ թիւին պատճառով Պոլիսը ունի 3 կեդրոն, Իզմիրն ու Անգարան` երկուքական կեդրոն:








All the contents on this site are copyrighted ©.