2015-11-01 16:29:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական հեռագիրը Ռուսական Օդանաւի աղէտալի արկածին առիթով։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 31 հոկտեմբերին Եգիպտոսէն Ռուսիա ճանապարհորդող ռուսական քաղաքացիական օդանաւ մը կործանուեցաւ ու անոր բոլոր ուղեւորները` մահացան։

Այս առթիւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին որուն մէջ գրեց.

Իմանալով Սինայ թերակղզիի մէջ կործանուած ռուսական քաղաքացիական օդանաւի աղէտալի լուրը Նորին Սրբութիւնը իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ ձեզի եւ Ռուս ժողովուրդին։ Ան իր աղօթքները կ՛ապահովեցնէ բոլոր անոնց որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին ու բոլոր անոնց որոնք կ՛ողբան իրենց սիրելիներուն մահը։ Համայն Ռուս ազգին ու բոլոր անոնց որոնք այժմ կ՛աշխատին "յայտնաբերումի" գործողութիւններով, Նորին Սրբութիւնը կը հայցէ մխիթարութիւն, զօրութիւն եւ Ամենակալ Աստուծոյ խաղաղութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.