2015-10-31 13:00:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յառաջիկայ օրերուն գլխաւորած արարողութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 1 նոյեմբերին Ամենայն Սրբոց տօնն է։ Ֆրանչիսկոս Պապ` կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն կ՛արտասանէ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը,  իսկ յետմիջօրէի ժամը 4-ին, Հռոմի պատմական ''Վերանօ'' անուան գերեզմանատան մէջ, կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։

Երկուշաբթի 2 նոյեմբերին ''Օր Մեռելոցի'' առթիւ, երեկոյեան 6-ին, Վատիկանի գետնադամբանին մէջ Նորին Սրբութիւնը կ՛աղօթէ բոլոր ննջեցեալ Քահանայապետերու հոգւոյն դիտաւորութեան մինչ երեքշաբթի` 3 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 11,30-ին, Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ կը գլխաւորէ հոգեհանգստեան Սուրբ պատարագը նուիրուած` ննջեցեալ բոլոր կարդինալներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.