2015-10-31 12:50:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց նախկին Եուկոսլավիայի նախագահին։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ այսօր` 31 հոկտեմբեր 2015-ին առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Մակեդոնիայի  նախկին Եուկոսլավիայի հանրապետութեան նախագահ` Տիար Կիորկէ Իվանովը, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինին  հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին, գնահատանք յայտնուեցաւ  Սուրբ Աթոռի եւ նախկին Եուկոսլավիայի Հանրապետութեան միջեւ տիրող լաւ յարաբերութիւններու նկատմամբ ու մաղթանք յայտնուեցաւ որ Երկրին` Եւրոմիութեան անդամակցելու ձգտումները ու այս ծիրէն ներս տածած ջանքերը իրականան։

Նկատի առնուեցան ապա Միջազգային քաղաքականութեան հայող նիւթեր, որոնց ծիրէն ներս գաղթականութեան տագնապը ու այս տագնապը դիմագրաւելու միասնական յանձնառումի անհրաժեշտութիւնը։

Ի վերջոյ ընդգծուեցաւ հարկաւորութիւնը խրախուսելու երկխօսութիւնը եւ համակեցութիւնը ընդմէջ Մակեդոնիայի նախկին Եուկոսլավիայի տարբեր ցեղերու եւ կրօններու պատկան բնակչութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.