2015-10-31 10:21:00

''Սանթա Մարթա'' խնամատան նուիրուած նոր կայք։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 4 նոյեմբեր-ին ''Սանթա Մարթա'' խնամատունը պիտի ունենայ իր նոր կայքէջը։ ''Ծառայել կարօտեալ մերձաւորին գործածելով արդի հաղորդակցութեանց միջոցները'' այս պիտի ըլլայ նոր կայքին ներկայացումին բնաբանը որուն բացումը տեղի պիտի կ՛ունենայ 4 նոյեմբեր 2015-ին Վատիկանի Սանթա Մարթա  մանկաբուժարան սրահին մէջ, ներկայութեամբ գերապայծառ Lucio Adrian Ruiz -ի` պատասխանատու վատիկանի ցանցի սպասարկութեան։

Խնամատունը ծնունդ առաւ Պիոս 11-րդ Քահանայապետի կամքով ու անոր մատակարարութիւնը յանձնուած է San Vincenzo de’ Paoli միաբանութեան կրօնաւորուհիներուն, որոնք ամէն տարի կը խնամեն աւելի քան 500 անչափահասներ, առանց ազգի ու կրօնի խտրականութեան։ Աւելի քան 50 բժիշկ կամաւորներ հերթաբար օգնութեան կը հասնին  հիւանդներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.