2015-10-31 11:37:00

Մեծ եղեռնի 100 ամեակի շուքին տակ


Ցեղասպանութիւնը խօսքի ազատութեան պարագայ մը չէ

Հայոց դէմ կատարուած Ցեղասպանութիւնը ուրանալը չէ կարելի պատժի ենթարկել. այս էր Եւրոպայի մարդկային իրաւանց ատեանի կարծիքը։ «Ալ բա՛ւ է», կը գրէ Եոսթ Միւլլեր-Նոյհոֆ, Der Tagesspiegel օրաթերթի իրաւաքաղաքական բաժնի թղթակից, իրաւաբան եւ իրաւաբանութեան դասախօս։ Ան օրաթերթի հոկտեմբեր 18ի թիւին մէջ հրատարակած է յօդուած մը, ուր կարճ մեկնաբանութիւն մը կու տայ Եւրոպայի մարդկային իրաւանց ատեանի առած մէկ վճիռի առընչութեամբ, ուր ատեանը անպարտ համարած է հայերու դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը ուրացող թուրք քաղաքագէտը, որ Զուիցերիական ատեանի կողմէ դատապարտուած էր։

Անկելա Մերքելի Թուրքիոյ կատարած այցելութեան պատճառներէն մին էր զանոնք շահիլ իբր օգնական գաղթականութան խնդրին լուծման ի նպաստ։ Ասոր համար Գերմանիոյ խորհրդարանի մէջ որդեգրուելիք բանաձեւը յետաձգուած էր։ Ըստ Միւլլեր-Նոյհոֆի՝ թէ Եւրոպայի մարդկային իրաւանց ատեանն ալ “իր բարի կամքը ցոյց կ’ուզէր տալ էր Թուրքիոյ՝ անպարտ հռչակելով թուրք ազգայնական քաղաքագէտը”։

“Խօսքի ազատութիւնը աւելի կարեւոր նկատուած էր” կը գրէ իրաւաբանը. այդ էր ատեանի պատգամը թուրքերուն, որոնց համար 100 տարիներ առաջ կատարուածը ցեղասպանութիւն չէր եւ ոչ ալ ողջակէզ։ Վերջինիս ուրացումը շատ մը եւրոպական երկիրներու մէջ քրէական յանցանք է՝ մարդկային իրաւանց ատեանի համաձայնութեամբ։

Զուիցերիոյ մէջ մարդկային իրաւանց ատեանի վճիռը խիստ քննադատութեան առիթ տուած է, «եւ դա իրաւացիօրէն» կը հաստատէ թղթակիցը։

«Այդ փոքր երկիրը (Զուիցերիան) մեծ պահանջնքներ ունէր. իր պատժական իրաւունքին մէջ ընդունած էր ցեղամոլութեան հակառակ յօդուած մը, որ աւելի խիստ է քան ուրիշ շատ մը երկիրներ Եւրոպական Մարդկային իրաւանց հաւաքաժողովի գերիշխանական տարածքին վրայ։ Ըստ Զուիցերիոյ օրէնքին՝ պատժի ենթակայ է այն անձը, որ կʼուրանայ կամ կոպիտ կերպով կը չքմեղէ կամ արդարացնել կը փորձէ ցեղասպանութիւն կամ մարդկութեան դէմ կատարուած այլ ոճիրներ։ Զուիցերիոյ վճիռը կը հայի որեւէ ցեղասպանութեան»։

“Օրէնսդրութեան մէջ քիչ բաներ կան որ առաւել դժուարին են, քան պատժի ենթարկել պատմութեան նկատմամբ կատարուած արտայայտութիւններ։ Պատմութիւնը իւրաքանչիւր սերունդի կողմէ տարբեր ձեւով կը քննարկուի։ Զայն կարելի չէ սառեցնել։ Արդարացի է յանցանք նկատել, երբ որոշ տեսակէտի մը քարոզչութիւնը յարձակում է մարդկային արժանապատութեան դէմ”։ Իւրաքանչիւր պարագայ ինքնին լուրջ է։ Սակայն իւրաքանչիւր եւրոպական երկրի կʼիյնայ, թէ ինչպէս ան՝ այդ պարագաները կը հիմնաչափէ եւ թէ ինչպէս իր արդարադատութիւնը զայն կը դատէ եւ կը դատապարտէ։

Անկելիքա Նուսսպերկ՝ գերմանացի դատաւորուհի՝ Եւրոպայի մարդկային իրաւանց ատեանէն, հաստատած էր՝ «Երկիրներ ազատութիւնն ունին իրենց պատժական իրաւունքին մէջ ցեղասպանութան զոհերու հանդէպ զօրակցութիւն ցուցաբերելու, առանց անձամբ ցեղասպանութիւն մը ապրած ըլլալու։ Այս կարծիքին հակառակ է սակայն դատաւորներու մեծամասնութիւնը։ Այս ալ ազատութիւն մըն է, սակայն ոչ խօսքի ազատութիւն»։

«Հայուհին» պատմական վէպէն ընթերցումներ

 

Հայերու դէմ կատարուած ցեղասպանութեան 100ամեայ յիշատակին առիթով բազմաթիւ հատորներ եւ յօդուածներ հրատարակուած են աշխարհի չորս կողմը։ Անցեալ տարի Գերմանիոյ մէջ լոյս տեսած էր ցեղասպանութեան նուիրուած վէպ մը, որմէ հեղինակը վերջերս կատարած է ընթերցումներ։ Հեղինակը՝ Թոմաս Հարթվիկ, Իւթերպորկ քաղաքէն, երկար ժամանակ հետախուզած էր Թուրքիոյ կատարած ցեղասպանութիւնը։ Վէպի խորագիրն է՝ «Հայուհին»։ Պատմուածքը կը ներկայացնէ հայերու դէմ կատարուած՝ թուրք բանակին վայրագութիւնները։ Ան կը պատմէ Անուշ Թոքաթլեան հայուհիին եւ գերման Արմին Վեկների յարաբերութեան մասին։ Արմին Վեկներ իբր կամաւոր բժիշկ կը ներկայանայ Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս։ Պարահանդէսի մը ժամանակ կը սիրահարուի հայուհիին։ Սակայն հայ ժողովուրդի խորտակման եւ բնաջնջման արարքները ընթացքի  մէջ են։ Վեկներ յուսահատօրէն կը պայքարի այդ արարքներուն դէմ։ Երիտասարդ գրագէտը, Վեկներ, պիտի ուզէր անձամբ այս նիւթը երկի մը մէջ հրատարակել, սակայն այդ ծրագիրը մնացած է անկատար։ Մնացած են վաւերագրական լուսանկարներ, որոնք իրենց այժմէականութիւնը չեն կորսնցուցած։

Թոմաս Հարթվիկ հրապուրուած էր այս նիւթով։ Վեց տարիներ շարունակ հետախուզած է, եւ ի կատար հասցուցած է Արմին Վեկների գործը՝ վէպը օժտելով ըլլայ պատմական կամ յօրինեալ դերակատարներով։








All the contents on this site are copyrighted ©.