2015-10-30 12:56:00

Ֆրանչիկոս Պապի 30 հոկտեմբերի քարոզը՝ ''Աստուծոյ ներումը դատարանի վճիռի չի նմանիր''


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 30 հոկտեմբերին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած Քարոզին մէջ, Ֆրանիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կեդրոնացաւ Աստուծոյ գթութեան վրայ յայտնելով՝ որ  ''Աստուած մեզ կը ներէ որպէս Հայր եւ ոչ թէ որպէս դատարանի   պաշտօնեայ'' եւ թէ  ''Բարի քահանան գիտէ յուզուիլ եւ յանձնառումով աշխատիլ ի սպաս Մարդոց կեանքին''։

''Աստուած կը գթայ իւրաքանչիւրիս  եւ  բովանդակ մարդկութեան վրայ։ Ան իր զաւակը ուղարկեց մարդկութեան վէրքերը դարմանելու ու զայն վերակենդանացնելու համար։

''Աստուծոյ գթութիւնը տարբեր է այլ գթութիւններէն''  ըսաւ Սրբազան հայրը մէջբերելով Անառակ որդիին առակը ուր հայրը` որ կը պատկերացնէ Աստուած որ կր ներէ, երբ կը տեսնէ  իր զաւակին վերադարձը՝ կը գթայ անոր վրայ։

Աստուած, հարցին կը մօտենայ հայրական սրտով  եւ  կը սեփականացնէ ուրիշին հարցը եւ ասոր համար է որ ՝՝Աստուած ուղարկեց  իր որդին՝՝։ Յիսուս կը դարմանէր ժողովուրդը որպէս նշան, որպէս Աստուծոյ գթութեան նշան. Ժողովուրդը փրկելու եւ կորսուած ոչխարը ապահով վայր առաջնորդելու։

 Աստուած գթութիւն է  ըսաւ Սրբազան Հայրը, Աստուած իր հայրական սիրտը կը դնէ իւրաքանչիւր անձին մէջ։ Իսկ՝ երբ Աստուած կը ներէ,  կը ներէ որպէս Հայր եւ ոչ թէ որպէս դատարանի պաշտօնեայ մը որ կ՝ընթերցէ դատական  վճիռ մը։ Ան ապա նշեց թէ Բարի քահանան այն է որ գիտէ կիսել մարդկային հարցերը ու գոհունակութեամբ վերյիշեց  Սուրբ Պատարագի արարողութեան ներկայ գտնուող, քահանայական 60 ամեակը տօնախմբող` Կարդինալ Խաիւէ Լոծանօ Պարրականի Եկեղեցւոյ մատուցած նուիրեալ ծառայութիւնը հուսկ քարոզը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով Տիրոջ այդ քահանայական ծառայութեան 60 ամեակին առթիւ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.