2015-10-30 10:52:00

Քոյր Մարիա Թերզեա Քազինիի երանացման արարողութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 31 հոկտեմբերին, Հռոմի արուարձաններուն մէջ գտնուող Ֆրասքաթի գիւղաքաղաքին մէջ, Սուրբերու դատի ժողովի նախագահ` Կարդինալ Անճելօ Ամաթօ, հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի արարողութեան մը ընթացքին, երանելի  կը հռչակէ ''Սիրտ Յիսուսի'' կրօնաւորուհիներու միաբանութեան  հիմնադրուհի՝ Քոյր Մարիա Թերեզա Քազինին։

 Նոր Երանելին ծնած էր Հռոմի Ֆրասքաթի քաղաքին մէջ 27 հոկտեմբեր 1864-ին։

1875-ին, մեծ  փափաք յայտնած է կրօնաւորական կեանք ապրելու, սակայն իր մօր խդրանքին ընթառաջելով վարած է աշխարհական կեանք։

Ծննդավայրի վանքին մեծաւոր՝ հայր Արսէնիոյ Փէլլէկրինիի միջամտութեամբ, 1 փետրուար 1885-ին, Քոյր Մարիա  կրցած է իրականացնել իր փափաքը եւ մուտք գործած է  Հռոմի Անարատ Յղութեան միաբանութիւն` ստանալով  ''խոցուած Սիրտ Յիսուսի Սէրաֆինա'' անունը։

1886-ին, առողջապահական վիճակի վատթարացման պատճառով, Քոյր Մարիա վերադարձած  է իր ծննդավայրը,  եւ այդ շրջանին անոր միակ մտահոգութիւնը եղած է ինչպէս  կարենալ աղօթքով սատարել  քահանաներու առաքելութեան ։ 

Ան իր մօտ հաւաքած է միեւնոյն մտահոգութիւնը եւ նպատակակէտը բաժնեկցող երիտասարդներ եւ 4 փետրուար 1894-ին կազմած է  ''Սիրտ Յիսուսի զոհերը'' անունով երիտասարդուհիներու՝առաջին խումբ մը` հիմը  դնելով Փակեալ կրօնաւորուհիներու միաբանութեան։

Միաբանութեան հիմնադրութենէն մի քանի տարիներ ետք,  Քոյր Մարիա ընդառաջելով  իր միաբանակիցներուն յորդորներուն, սկսած է  առաքելական գործունէութիւն կատարել  նաեւ վանքէն դուրս։

1910-1920 երկարող տարիներուն, ծնունդ առած են  իգական սեռի դաստիարակչական հաստատութիւններ, որոնց շարքին  Յիսուսի Փոքրիկ բարեկամներ՝՝ հաստատութիւնը, ինչպէս նաեւ հիւանդ եւ տարիքոտ քահանաներու  յատկացուած բնակարան մը։

1 նոյեմբեր 1916-ին, Քոյր Մարիայի  միաբանութիւնը ճանչուեցաւ որպէս եկեղեցական կանոնական հաստատութիւն` անուանակոչուելով “Oblate del Sacro Cuore di Gesù'' ։

Քոյր Մարիայի միաբանութեան համբաւը տարածուեցաւ ոչ միայն համայն Իտալիոյ մէջ այլեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Պրազիլի մէջ

3 ապրիլ 1937-ին, երկար տարիներ անխոնջ եւ բեղուն աշխատանքէ ետք, Քոյր Մարիա հեռացաւ այս աշխարհէն՝ կնքելով իր մահկանացուն։

 26 յունուար 1981-ին, սկիզբ առաւ Քոյր Մարիայի երանացման եկեղեցական դատի գործընթացը , եւ 7 յուլիս 1997-ին , Տիեզերական Եկեղեցւոյ կողմէ Ան դասուեցաւ Աստուծոյ Աղախիններու շարքին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.