2015-10-30 10:02:00

Կարտինալ Սանտրիի միջամտութիւնը Մարոքի ֆես քաղաքի միջկրօնական գիտաժողովին։


(Ռատիօ Վատիկան)  Հինգշաբթի 29 հոկտեմբեր 2015-ին Արեւելեան եկեղեցիներու կառավարիչը՝ կարդինալ Սանտրին իր մասնակցութիւնը բերաւ Մարոքի Ֆես Քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ''Միջկրօնական երկխօսութիւնը հիմն է հանդուրժողութեան ու հանդիպումի''նիւթով միջկրօնական գիտաժողովին եւ այդ առթիւ ունեցած իր ելոյթին սկիզբը` Կարդինալ Սանտրի շնորհակալութիւն յայտնեց  հրաւէրին համար ու Մարոք ապրող փոքր քրիստոնեայ համայնքի վայելած ազատութեան համար ինչպէս նաեւ այդ համայնքի սատարին`  երկրի բարգաւաճումին ի նպաստ։

Մեր այս հանդիպումը կը զուգադիպի 50 տարի առաջ կաթողիկէ եկեղեցին վաւերացուցած է ''Nostra Aetate'' փաստաթուղթի յիսնամեակի հետ` հայող կաթողիկէ եկեղեցւոյ այլ կրօններու հետ երկխօսութեան։

Ի՞նչու է միջկրօնական երկխօսութիւնը , հարց տուաւ կարդինալ Սանտրին ու յարեց` ''Պատասխանը պարզ է որովհետեւ  ներկայիս ժողովուրդներ, մշակոյթները ու  կրօններ  կախում ունին մէկը միւսէն։ Զանազան ժողովուրդներ կը կազմեն մէկ հասարակութիւն մը, ունին մէկ ծագում։ Արարիչ Տէրը համայն մարդկային ազգը բնակեցուց այս երկրագունդին մէջ եւ ամէնքս մէկ վախճան ունինք՝ մեր Աստուածը։ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար միջ-կրօնական  երկխօսութիւնը կը  հիմնուի ճշմարտութեան, գեղեցկութեան ու բարիին վրայ, այս ամէնը կը գտնենք զանազան կրօններու մէջ եւս։ Վստահ եմ որ ամէնքս համաձայն ենք այս իրականութեան նկատմամբ որու հիման վրայ կարող ենք իրար զիրար յարգել ու իրար զիրար գնահատել։ Դժբախտաբար, դիտել տուաւ կարդինալը,  փոխադարձ յարգանքը բոլորին համար տակաւին իրականութիւն մը չէ։

Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Պապը Միջին Արեւելքի նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսէն ետք, որ 5 տարի առաջ գումարուեցաւ,  գրած է ''մեր բաղձանքն է որ հրեաները, քրիստոնեաները ու մահմետականները այլ հաւատացեալին մէջ գտնեն յարգանքի ու սիրոյ արժանի եղբայր մը (զաւակը Աբրահամի), տալով գեղեցիկ վկայութիւն մը անդորրութեան ու համակեցութեան''։ 

''Միջկրօնական երկխօսութեան նպատակներէն մէկն է նախ ճանչնալ սեփական կրօնքը ու փոխադարձաբար մէկը միւսին բացուիլ ու ճանչնալ ուրիշին կրօնքը'' հաստատեց Կարդինալ Սանտրի ու նշեց թէ  ''Համաշխարհայնացած մեր ներկայ աշխարհը յաճախ մակերեսային ճանաչում ունի հաւատքի։ Շատերը կը վստահին մամուլի տուած տեղեկութիւններուն` թէ ինչի կը հաւատան քրիստոնեաները, մահմետականները կամ հրեաները։ Այդ տուեալները յաճախ շիտակ բաներ չեն հաղորդեր''։

ֆրանչիսկոս Պապ կը նշէ թէ ''Միջ-կրօնական երկխօսութիւնը  պէտք է ունենայ որպէս նպատակ պահպանել ուրիշներուն իրաւունքը. երաշխաւորել ուրիշներու յարգանքը ու ապրելու իրաւունքը՝ այսինքն իրաւունքը խղճմտանքի, մտածումի, արտայայտութեան ու կրօնի''։

''Ուստի զանազան կրօնապետերու պատասխանատուութիւնն է վար առնել ընկերային ու քաղաքական արգելքները որոնք կը սահմանափակեն կրօնական ազատութիւնը  ու միջկրօնական գործունէութիւնները։ Հուսկ քաջալերել ու զարգացնել միջ-կրօնական ազատութիւնը'', ըսաւ կարդինալ Սանտրին եւ իր ճառը եզրափակեց ընդգծելով թէ այս մէկը ''մեծ ու հարկաւոր յանձնառում է` որուն կանչուած են բոլոր կրօններու պատասխանատուները որովհետեւ ՝՝Միջկրօնական երկխօսութիւնը հիմն է հանդուրժողութեան ու հանդիպումին։՝՝








All the contents on this site are copyrighted ©.