2015-10-30 09:20:00

«Հայաստան. յարատեւող մշակոյթի գանձերը» խորագիրով ցուցահանդէս «Օքսֆորտ» համալսարանին մէջ


Հինգշաբթի, 22 Հոկտեմբերին Անգլիոյ «Օքսֆորտ» համալսարանի «Պոտլէյան» մատենադարանին մէջ բացուեցաւ «Հայաստան. յարատեւող մշակոյթի գանձերը» խորագիրով ցուցահանդէսը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին: Ձեռնարկը կազմակերպուած է բրիտանահայ բարերար Ռաֆֆի Մանուկեանի նախաձեռնութեամբ ու հովանաւորութեամբ՝ Մեծ Բրիտանիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Սարգսեանի եւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի աջակցութեամբ:

Բացման արարողութեան, ե-լոյթներով հանդէս եկան ՀՀ դեսպան Արմէն Սարգսեան, «Պոտլէյան» մատենադարանի գլխաւոր գրադարանավար Ռիչըրտ Օվենտըն եւ «Օքսֆորտ» համալսարանի Հայագիտութեան ամպիոնի տնօրէն, յայտնի հայագէտ փրոֆեսէօր Թէօ վան Լինթ:

Պաշտօնական բաժինին յաջորդեցին յայտնի ջութակահար Լեւոն Չիլինկիրեանի կողմէ Նարեկացիի, Սայաթ Նովայի եւ Կոմիտասի գործերէն կատարումներ:

Ցուցադրութեան համակարգողներն են փրոֆեսէօր Թէօ վան Լինթ եւ «Պոտլէյան»ի գրադարանավար Ռոպին Մէյըր:

Յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին՝ ցուցահանդէսի կազմակերպիչներուն նպատակն է այցելուներուն ցոյց տալ հայ ժողովուրդի բազմադարեայ մշակութային ձեռքբերումները՝ հարուստ կրօնական եւ գրական կոթողներէն մինչեւ աշխարհասփիւռ հայկական համայնքներու ձգած ժառանգութիւնը: Ցուցանմուշներ հաւաքուած են Մանչեսթըրի եւ Լոնտոնի համայնքներէն, որոնք անհատական պատմութիւններու հիման վրայ կը նկարագրեն Ցեղասպանութեան արհաւիրքը վերապրած ու Մեծ Բրիտանիոյ մէջ հաստատուած հայերուն կենցաղը, մշակութային եւ կրօնական կեանքը:

Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ Փետրուար 2016: Ցուցահանդէսին զուգահեռ պիտի կազմակերպուին դասախօսութիւններ, քննարկումներ եւ համերգներ:

2015ը նաեւ յիշարժան տարի է «Օքսֆորտ» համալսարանին համար, որովհետեւ կը նշուի ազգային մեծ բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի նուիրատուութեամբ բացուած Հայագիտական կեդրոնի 50ամեակը:








All the contents on this site are copyrighted ©.