(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապը լիակատար ներողութիւն (Յոբելեանի նշանով) շնորհեց Legionari di Cristo և Regnum Christi միաբանութիւններու անդամներուն անոնց հիմնարկութեան 75 ամեակին առթիւ։
Յոբելեանը կ՝եզրափակուի 2016-ին Յիսուսի Ս. Սրտի տօնին։
Legionari di Cristo և Regnum Christi միաբանութիւններու անդամները պիտի ընդունին լիակատար ներողութիւն` 2015-ին Քրիստոս Թագաւոր տօնին օրը և 2016- ին Յիսուսի Ս. Սրտին տօնին օրը, պայմանաւ որ վերանորոգեն իրենց ուխտը, աղօթեն թէ իրենց հայրենիքին համար որպէսզի հաւատարիմ մնայ քրիստոնէական կոչումին և թէ քահանայական կոչումներու, նուիրեալ անձերու ու ընտանիքի պաշտպանութեան դիտաւորութեամբ։
Legionari di Cristo և Regnum Christi անդամներուն ուղարկած թուղթով ընդհանուր մեծաւորը՝ հայր Robles-Gil կը գրէ. ''Կը խրախուսեմ ձեզ օգտուելու այդ շնորհքէն որ Սրբազան Պապը կը շնորհէ մեզի. Ու վերանորոգենք մեր երախտագիտութիւնը Տիրոջ (Legionari di Cristo և Regnum Christi ) մեր շարժումին պարգեւած շնորհքին համար ու աշխատինք ըլլալու հաւատաւոր առաքեալները ու վկաները Յիսուս Քրիստոսի Թագաւորութեան։
All the contents on this site are copyrighted ©. |