2015-10-29 12:58:00

Ֆրանչիկսոս Պապի ''ՌԱՏԻՕ ՄԱՐԻԱ'' ընկերակցութեան անդամներուն հետ հանդիպում։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 29 հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիթուանիայի Հանրապետութեան նախագահ` Տիկին Տալիա Կրոպոսքեթէ ու անոր ընկերացող շքախումբը որ ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար` Կարդինալ Փարոլինին հետ։

Նորին Սրբութիւնը ապա ընդունեց Տիար Եուրի Ֆետոթով ` Միացեալ Ազգերու թմրեցուցիչի ու ոճիրի դէմ գրասենեակի գործադիր տնօրէն որմէ ետք ընդունեց Տնտեսութեան քարտուղարութեան Ժողովի կառավարիչը կարդինալ Ժորժ Փել հուսկ ''Քլեմենթինա'' սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց ''Ռատիօ Մարիա '' ընկերակցութեան 300 անդամներուն որոնք Հռոմի մէջ կը մասնակցին ''Մարիամի հետ աշխարհի ճանապարհներու վրայ'' նիւթով Ռատիօ Մարիայի համաշխարհային Զ գիտաժողովին որ տեղի կ՛ունենայ Քոլլեվալենցայի մէջ` 25-30 հոկտեմբեր 2015։

Այս առթիւ անոնց արտասանած իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը ողջունելով ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ներկայութեան ու տածած առաքելական աշխատանքին համար հաստատելով թէ Ռատիօ Մարիայի կէտ նպատակը եղած է միշտ թիկունք կանգնիլ Եկեղեցւոյ աւետարանութեան գործընթացին, մարդոց ողբերգութիւններուն ու մտահոգութիւններուն մօտիկութեամբ ու անոնց` հաւատքի եւ զօրակցութեան յանձնառութեամբ մատուցելով մխիթարական ու յոյսի խօսքեր։

Նորին Սրբութիւնը ապա մատնանշեց թէ` ինչպէս այս գործը յառաջ տանելու համար հարկաւոր է արդիականացնել ճարտարարուեստական միջոցները որպէսզի համապատասխանեն ժամանակակից պահանջներուն եւ թէ այս ուղղութեամբ Ռատիօ Մարիան մեծ աշխատանք տարած է ու ներթափանցած է զանազան շրջաններու մշակութային, լեզուային ու աւանդութիւններու միջավայրերուն մէջ։

Սրբազան Հայրը ապա քաջալերեց ներկաները յանձնառումով շարունակելու իրենց այս առաքելութիւնը հաւատարիմ մնալով Աւետարանին ու Եկեղեցւոյ Վարդապետութեան եւ միշտ ունկնդրելով ընկերութեան ու անհատներու ձայները, յատկապէս անոնցը որոնք կ՛ապրին աղքատութեան ու մեկուսացման մէջ։

Ռատիոն ըսաւ ապա Քահանայապետը միայն լուրեր, գաղափարներ եւ երաժշտութիւն սփռող հաղորդամիջոց մը չէ այլ կը դառնայ միջոց` յոյսի որ կը բխի այն փրկութենէն զոր Քրիստոս մեր Տէրը պարգեւեց մեզի։

Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց Ռատիօ Մարիայի գիտաժողովին ու անոր 30 միլիոն ունկնդիրներուն ինչպէս նաեւ անոր կամաւոր բարերարներուն որոնց շնորհիւ կարելի է իրագործել այս ծառայութիւնը եւ որ Ռատիօ Մարիան կը դարձնէ աղօթքի եւ վկայութեան Ռատիօ` որ դռները կը բանայ դէպի Տէրը։ Այս կատարելու համար որպէս Տիպար ունինք Աստուածամայրը, ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը ու յորդորեց զանոնք բոլոր սրտով սիրելու Մարիամը որպէսզի ապրին ու իրենք զիրենք զգան եկեղեցւոյ հետ ներդաշնակութեան մէջ։ Ասոր համար ձեզ կը խրախուսեմ խնամելու ձեր աղօթքի եւ Աստուծոյ խօսքին ունկնդրութեան ներքին այգին որպէսզի ձեր կարգին դառնաք միջոցներ քրիստոնէական յոյսին որ հիմնուած է Յարութեան զօրութեան, հաւատքի վկայութեան եւ եղբայրսիրութեան վրայ։

Սրբազան Քահանայապետ խօսքը եզրափակեց  հայցելով Մարիամի հովանին Ռատիոյի, անձնակազմին ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն ինչպէս նաեւ բոլոր ունկնդիրներուն վրայ ապա բոլորին տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը ու խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.