2015-10-29 10:43:00

Կարդինալ Փարոլինի ելոյթը Nostra Aetate վաւերաթուղթին 50 ամեակի առթիւ կազմակերպուած համագումարին։


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանենան Տիեզերական Բ ժողովի՝ կաթողիկէ եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները,  Ոչ քրիստոնեայ  կրօններու հետ՝  Nostra   Aetate վաւերաթուղթի 50 ամեակի տօնակատարութիւններու  ծիրէն  ներս, չորեքշաբթի, 28 հոկտեմբերին, Հռոմի Գրիգորեան Քահանայապետական համալսարանի մէջ տեղի ունեցաւ ''դաստիարակել խաղաղութեան''  խորագիրով   համագումար մը  որուն իր մասնակցութիւնը  բերաւ եւ ելոյթ ունեցաւ  Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին։

Այս առթիւ իր արտասանած պատգամին   մէջ ծիրանաւորը ընդգծեց թէ եկեղեցին միշտ ուսուցած է  եւ այսօր եւս  կը շարունակէ ուսուցանել՝ թէ Խաղաղութիւնը կարելի է  եւ պարտադրողական ։ Ան ապա՝ չորս կէտերով ներկայացուց իր երկարաշունչ  ելոյթը. 

Խաղաղութեան հորիզոնը. Անոր արմատները Սուրբ Գիրքին մէջ. Խաղաղութիւնը  քահանայապետական ներկայ վարդապետութեան մէջ եւ չորրորդ՝ խաղաղութեան դաստիարակութիւնը՝ ներկայիս։

Անդրադառնալով խաղաղութեան հորիզոնին կարդինալ Փարոլին զայն  պատկերացուց որպէս Ովկիանոսի  հորիզոնը,  որ հետզհետէ  կը հեռանայ, հաստատելով թէ  այս մէկը մեզ կը հրաւիրէ անխոնջ աշխատելու եւ հետապնդելու խաղաղութեան հորիզոնը։

Ծիրանաւոր մատնանշեց Սուրբ Գիրքին մէջ խաղաղութեան բառին արմատներուն, յայտնելով՝ թէ  Հրէական լեզուով ՝՝Շալոմ՝՝ բառը  կը թարգմանուի որպէս  բարօրութիւն, Ուրախութիւն, Բախտաւորութիւն, գոհունակութիւն, եւ ան չի նշանակեր միայն որպէս պատերազմի բացակայութիւն, այլ՝  Աստուծոյ  Տէրութեան ներկայութիւն եւ Անոր հաւատարմութեան ընդունելութիւն։

Կարդինալ Փարոլին  անդրադարցաւ ապա`  Քահանայապետական վարդապետութեան Խաղաղութեան դաստիարակութեան՝ մէջբերելով ''Pacem in terris - Խաղաղութիւն երկրի վրայ'' Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ քահանայապետի շրջաբերական թուղթէն հատուածներ, եւ յայտնեց թէ՝  ըլլայ Ֆրանչիսկոս Պապ ըլլայ Պենետիտոս վաստակաւոր քահանայապետերը, Pacem in terris շրջաբերական Թուղթի 50 ամեակի առթիւ, հրաւէր ուղղեցին համայն կաթողիկէ հաւատացեալներուն՝ կարդալու այդ փաստաթուղթը ՝ որուն պատգամը ոչ միայն խաղաղութեան արտայայտութիւնն է այլ կը կազմէ  ընկերային կարգի գիտելիքը՝ հիմնուած բնական իրաւունքի վրայ։

Սուրբ Յովհաննէ ԻԳ, շրջաբերականին մէջ կը հաստատէ թէ ՝՝Խաղաղութիւնը կը կերտուի եւ կը հաստատուի լոկ ՝ Աստուծոյ կողմէ հիմնուած կարգ կանոնի լիակատար յարգանքով։

Ի վերջոյ  Կարդինալ Փարոլին  անդրադարձաւ ելոյթի վերջին կէտին ՝Խաղաղութեան դաստիարակութիւնը այսօր՝ ըսելով ''Դպրոցներու եւ կաթողիկէ համալսարաններու մէջ  խաղաղութեան դաստիարակութեան յանձնարարութիւնը տիպար կը հանդիսանայ յատկապէս նոր բարգաւաճ երկիրներուն համար''։ Ան ապա  մաղթանք յայտնեց  որ կաթողիկէ դպրոցներու դաստիարակչական չափանիշերը ներշնչման աղբիւր հանդիսանան այլ  կրօններու հասարակութիւններուն պատասխանատուներուն՝  մարդաբանական դաստիարակչութեան ի խնդիր, որ կը յարգէ մարդու հիմնական ազատութիւնը։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.