2015-10-29 09:23:00

Իտալիոյ Ապրուցցօ Մարզը եւս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին առթիւ, Երեքշաբթի 27 Հոկտեմբեր 2015-ին, Իտալիոյ Ապրուցցօ Մարզի խորհուրդը եւս, ի շարս իտալական այլ քաղաքներու եւ մարզերու, միաձայնութեամբ որդեգրեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ Հայ Ժողովուրդին զօրակցութիւն յայտնող բանաձեւ մը։

Վերոնշեալ բանաձեւը որդեգրուեցաւ ընդառաջելով Հռոմի Հայ Համայնքի խորհուրդի խնդրանքին որ  Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակումի 100-րդ ամեակի առթիւ կազմակերպած զանազան ձեռնարկներէն ծիրէն ներս, բաց նամակ յղած էր իտալական բազմաթիւ քաղաքներու քաղաքական իշխանութիւններուն, որուն մէջ կոչ ուղղած էր Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցին առթիւ` բանաձեւեր որդեգրել ի զօրակցութիւն հայ ժողովուրդին ու Մեծ Եղեռնի բիւրաւոր նահատակներուն։

Ապրուցցօ Մարզի բանաձեւը ներկայացնող իտալացի ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ Տիար Լուչիանօ Մոնթիչելլի այս առթիւ յայտարարեց ''Այսօր գեղեցիկ էջ մը գրեցինք մեր Մարզի քաղաքական պատմութեան մէջ։ Միաձայնութեամբ որդեգրուած այս բանաձեւը կը հաստատէ քաղաքական իշխանութիւններու հասունութիւնը։ Մէկ ու կէս միլիոնէ աւելի այրեր, կիներ, մանուկներ եւ ծերունիներ 1915 թուականին թիրախ դարձան Օսմանեան Կայսրութեան կիրարկած ցեղային մաքրագործումին որ ապա հանդիսացաւ քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը''։

Մինչեւ օրս` Իտալիոյ մէջ հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած են 91 քաղաքապետարաններու ու մարզերու խորհուրդներ որոնց ցանկը կարելի է գտնել Հայ Համայնքի խորհուրդի պաշտօնական կայքէջի (www.comunitaarmena.it)  Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող Իտալական քաղաքներու եւ իշխանութիւններու վերապահուած ցուցակին մէջ, հետեւեալ հասցէին վրայ www.comunitaarmena.it/il-genocidio-armeno/italia-ricorda/։








All the contents on this site are copyrighted ©.