2015-10-29 12:04:00

''Աստուած չի դատապարտեր,Ան կարող է միայն սիրել,այս է մեր յաղթանակը''Ֆրանչիսկոս Պապ


(Ռատիօ Վատիկան) Աստուած միայն կը սիրէ, չի դատապարտեր. Սէրը՝ Անոր տկարութիւնն է իսկ մեր՝ յաղթանակը։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին, հինգշաբթի, 29 հոկտեմբերի առաւօտեան,Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին պատգամը։

Մեկնաբանելով Օրուայ Սուրբ գրային՝  Պօղոս Առաքեալի թուղթերէն քաղուած ընթերցումը, ուր Առաքեալը կը բացատրէ, թէ Քրիստոնեաները միշտ յաղթական են որովհետեւ՝՝ Եթէ Աստուած մեր հետն է ուրեմն ով կրնայ մեզի հակառակորդ ըլլալ՝՝ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ Յաղթական ենք, ոչ որովհետեւ յաղթութեան պարգեւը մեր ձեռքերուն մէջ կը կրենք այլ՝ որովհետեւ ոչ մէկ բան կրնայ մեզ հեռացնել Աստուծոյ Սէրէն՝ որ է Յիսուս Քրիստոս մեր Տէրը։

 ՝՝Սուրբ Պօղոս՝՝ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  ՝՝սոյն պարգեւին մէջ տեսաւ Յիսուս Քրիստոսի մէջ վերածնունդի պարգեւը՝ Աստուծոյ Սէրը, որ կարելի չէ բացատրել։ Իւրաքանչիւր մարդ արարած, այր թէ կին կրնան մերժել պարգեւը եւ նախընտրել ունայնութիւնը , ամբարտաւանութիւնը եւ  մեղքը,  բայց պարգեւը կը մնայ։

Պարգեւը, Աստուծոյ Սէրն է. Աստուած մը որ չի բաժնուիր մեզմէ ։ Այս է Աստուծոյ անկարողութիւնը, չի գիտեր անջատուիլ մեզմէ։

''Յիսուս ողբաց երուսաղեմ քաղաքին վրայ, որ իր մարգարէները կը սպաննէր` անոնք որոնք փրկութիւնը կը հռչակէին''  այս մէկը կը պատկերացնէ Աստուծոյ անկարող ըլլալը եւ մեզի կը բացայայտէ  Աստուծոյ Սէրը։  ՝՝Աստուած կը ողբայ ինծի համար երբ՝ կը բաժնուիմ Իրմէ. Աստուած կը ողբայ չարամիտներուն համար, որոնք շատ գէշ բաներ կը գործեն եւ մարդկութեան վնասներ կը հասցնեն։ Աստուած կու լայ , բայց չի դատապարտեր։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ՝ Ան կը Սիրէ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.