2015-10-29 09:53:00

Rai 3 հեռուստաալիքը Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մասին հաղորդում մը պատրաստած է


Իտալական Rai 3 հեռուստաալիքը բաւական ուշագրաւ ճանապարհորդական հաղորդում մը պատրաստած է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մասին` անդրադառնալով գրեթէ բոլոր տեսարժան վայրերուն, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին, նոյնիսկ` Հայաստանի եղանակին, կը հաղորդէ Tert.am-ը:

Հաղորդման սկիզբը հաղորդավարներէն մէկը կը նշէ, որ Հայաստան փոքր երկիր է, մօտաւորապէս Իտալիոյ Փյեմոնտէ շրջանին չափ, եւ հնագոյն պատմութիւն ունի:

Ան կ’աւելցնէ, որ Հայաստան աշխարհի մէջ առաջին երկիրն է, որ քրիստոնէութիւնը ընդունած է որպէս պետական կրօն, այնուհետեւ կը խօսի Հայաստանի եղանակին մասին նշելով, որ հաւանաբար երկիր այցելելու համար ամենագեղեցիկ եղանակը աշունն է:

Միւս հաղորդավարը կը պատմէ, որ Հայաստանի մէջ թերեւս ճամբորդելու համար ամենայարմարը ինքնաշարժով ուղեւորութիւնն է, քանի որ Հայաստանի մէջ չկայ ժամանակակից զարգացած ճանապարհային ցանց, ինչպէս նաեւ շոգեկառքերու համակարգ, որ կարենար այլընտրանք ըլլար ինքնաշարժին:

«Փառաւոր անցեալի մնացորդներն ու ներկայի յառաջադիմութեան նշանները, Ցեղասպանութեան վէրքերը եւ կուսական բնութիւնը. այս ամէնը կը պատմէ հին եւ հպարտ ժողովուրդի պատմութիւնը, 3,5 մլն բնակչութիւն, որ կ’ապրի Հարաւ-Արեւմտեան` Ասիոյ սրտին գտնուող լեռներուն մէջ»,-այսպէս կը սկսի տեղեկագրութիւնը:

Ինչպէս կը պատմէ հեղինակը` մայրաքաղաք Երեւանը անմիջապէս կը գրաւէ ճանապարհորդողները տուֆէ կառուցուած շէնքերու գոյներու բազմազանութեամբ, փողոցները կոկիկ են ու պայծառ: Հեղինակը կը նշէ, որ կեդրոնը գտնուող այս երկրի յայտնի զաւակներէն մէկուն` Շառլ Ազնաւուրին նուիրուած հրապարակին վրայ կարելի է անցնելուն ճատրակ խաղալ` մարզանք, որուն մէջ հայերը իսկական վարպետ են:

Ասիոյ այս սրտին մէջ կեանքը աշխոյժ է բոլոր ժամերուն: Երեկոյեան Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կը հաւաքուին երեւանցիները` վայելելու կախարդական շատրուաններէն բարձրացող լոյսերն ու գոյները:

Հեղինակը ճանապարհորդութիւնը կը սկսի Զուարթնոցի աւերակներով եւ կը նշէ, որ այն ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի համաշխարհային մշակութային արժէքներու ցանկին վրայ է եւ այստեղէն կարելի է հիանալ Արարատի տեսարանով: Հեղինակը այնուհետեւ ճանապարհը կը շարունակէ դէպի ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի մէկ այլ վայր` Գեղարդաւանք, որմէ յետոյ ալ Գառնի: Անցնելով լեռներու գեղատեսիլ տեսարաններով եւ կիրճի միջով` կարելի է հասնիլ Հայաստանի ճարտարապետական ամենագեղեցիկ կառոյցներէն մէկուն` Նորավանք, կ’ըսէ հեղինակը:

Ճանապարհորդութիւնը կը շարունակուի դէպի Ջերմուկ: Հեղինակը կը պատմէ անուան նշանակութեան մասին եւ կը նշէ, որ 8-րդ դարէն աշխոյժ այս վայրը առողջարանային կեդրոն է, ուր կարելի է  բուժուիլ տարբեր հիւանդութիւններէ:

Այնուհետեւ ճանապարհորդութիւնը կը շարունակուի դէպի հարաւ-արեւելք եւ կը հասնի աշխարհի ամենաերկար ճոպանուղիին, որ կառուցուած է ամենադժուարհասանելի եւ գեղատեսիլ վանքերէն մէկուն` Տաթեւ հասնելու համար: Հեղինակը կը պատմէ, թէ ինչպիսի կարեւոր կրօնական եւ մշակութային կեդրոն  եղած է Տաթեւը եւ կը պատմէ վանքին մասին:

Ճանապարհորդութիւնը կը հասնի անգամ Լեռնային Ղարաբաղ: Հեղինակին խօսքով` այս երկիրը հետաքրքիր փորձ կը տրամադրէ, եւ ոչ միայն բնութեան տեսանկիւնէն: «Այս վիճելի հողերը արիւնալի պատերազմներու թատերաբեմ  դարձած են դեռ 19-րդ դարու սկիզբը, վերջինը եղած է Խորհրդային Միութեան փլուզումէն յետոյ, մէկ կողմէն` իսլամ Ատրպէյճանը եւ միւս կողմէն քրիստոնեայ Հայաստանը, որ այս տարածքին մէջ մեծ բնակչութիւն  ունեցած է: Դժուար է այսօր կիսել անցեալի ճիշդն ու սխալը, յոյսը այն է, որ փոքր Շուշի քաղաքին  եւ միւս քաղաքներուն մէջ միշտ խաղաղութիւն տիրէ»,- կը նշէ հեղինակը:

Հեղինակը այնուհետ կը պատմէ Շուշիի մասին, կ’անդրադառնայ քաղաքի եղանակին եւ կը նշէ, որ դեռ կարելի է տեսնել պատերազմի հետեւանքները, աւերուած շինութիւններ, աւերակներ դարձած թաղամասեր, որոնց կողքին, սակայն, վերականգնուող քաղաքի նշաններ են, ինչպէս, օրինակ, ժամանակակից արուեստի թանգարանը, որուն սրահներուն մէջ հաւաքուած են ժամանակակից արուեստագէտներու նկարներն ու քանդակները:

Շուշիէն ետք նկարահանող խումբը այցելած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտ:

Լեռնային Ղարաբաղէն կրկին Երեւան վերադառնալով` հեղինակը կ’առաջարկէ այցելել Մատենադարան եւ ծանօթանալ աշխարհի ամենահարուստ հաւաքածուներէն մէկուն, այնուհետեւ հանգստեան օրերուն գործող «Վերնիսաժ» այցելել, ինչպէս նաեւ` Քոնեակի գործարան:

Հաղորդումը կ’անդրադառնայ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան: Նկարահանող խումբը այցելած է Ցեղասպանութեան թանգարան- հիմնարկ: Հեղինակը կը նշէ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը 20-րդ դարու առաջին յանցագործութիւնն էր մարդկութեան դէմ:

Հաղորդման աւարտին հեղինակը կը նշէ, որ արժէ այցելել «Թումօ» ստեղծարար արուեստագիտրութիւններու կեդրոն, որ երիտասարդներուն համար հիանալի վայր է սորվելու, ստեղծելու եւ կառուցելու համար` ծրագրաւորումէն մինչեւ շարժական ֆիլմեր, երաժշտութենէն մինչեւ ռոպոթներ:

Նիւթի պատրաստման աջակցած է Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի զբօսաշրջութեան տնօրինութիւնը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.