2015-10-28 11:35:00

Միջեկեղեցական արարողութիւն Սէն-Տընիի տաճարին մէջ


Կիրակի, Հոկտեմբեր 25-ի յետմիջօրէին, Փարիզեան արուարձաններէն Սէն-Տընիի տաճարին մէջ, ուր կը հանգչին Ֆրանսայի արքաները, ի շարս որոնց՝ Հայաստանի վերջին թագաւոր Լեւոն Ե., տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական գեղեցիկ արարողութիւն մը, ի յիշատակ՝ Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու նահատակներուն, կը հաղորդէ «Նոր Յառաջ»-ը:

Ներկայ էին բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, ինչպէս՝ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան՝ Վիգէն Չիտեչեան, յոյն եւ կիպրացի դիւանագէտներ, Ֆրանսայի մէջ այդ համայնքներու ներկայացուցիչներ, ասորի եւ քաղդէացի կաթողիկէ եւ ուղղափառ, ռումանացի եւ ղպտի համայնքներու կղերականներ, Հ. Յովսէփ Վրդ. Քէլէկեան, Վեր. Ժիլպէր Լեւոնեան, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմական խորհուրդի նախագահ Փաթրիս Ճօլօլեան, նաեւ՝ Լուսինեան իշխանը: Անոնցմէ շատեր խօսք առին, որոշ կղերականներ իրենց խօսքը աւարտեցին երգելով, երբեմն՝ երիտասարդ Ասորիներու երգչախումբին կամ ղպտի սարկաւագներու խումբին ընկերակցութեամբ: Արարողութիւնը սկսաւ քանի մը Հայերու, ի շարս որոնց՝ Ռոզին Թաշճեանի կողմէ շարականներու երգեցողութեամբ, Անթուան Քէշիշեանի ղեկավարութեան ներքեւ:

Նախապէս, տաճարի լուսարարապետ՝ Տըլանուա Եպիսկ. հիւրընկալեց մեզ՝ բարի գալստեան ելոյթով մը, որ լի էր Օսմանեան կայսրութեան՝ քրիստոնեաներու պատճառած ողբերգութեան վերաբերող յղումներով, մինչ Էօվր տ՚Օռիանի ընդհ. տնօրէն Կոլնիշ Եպիսկ. արտասանեց այս յուզիչ արարողութեան եզրափակիչ խօսքը, որ կարեկցութիւն արտայայտող եւ յոյս ներշնչող ելոյթ մըն էր:

Ապա, ներկաները՝ շուրջ երկու հարիւր հոգի, ուղղուեցան դէպի Լեւոն Ե.ի դամբանը եւ այլ յուշադամբաններ: Ֆրանսուա Ա.ի եւ իր կողակիցին յուշադամբանին մէջ մեծ զարմանքով նկատեցի որ անոնց արձանները կերտուած են իրենց մերկ վիճակին մէջ: Արդեօ՞ք ատիկա արքային կտակն էր, որպէս հետեւանք քրիստոնէական իր խոնարհութեան:
Անգամ մը եւս, Հայ նախկին ռազմիկներու եւ դիմադրականներու նախագահ Անթուան Պաղտիկեանին եւ իր գլխաւորած միութեան կը պարտինք այս արարողութիւնը, որ պիտի կրկնուի գալ տարի եւս:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.