2015-10-28 08:43:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ Աստուած ՜՜Ո՞ւր՝՝ է .


Աներեւոյթ ու աննիւթեղէն Աստուծոյ մասին ինչքան ալ աստուածաբանութիւնը փաստեր ներկայացնէ, դարձեալ մարդիկ չեն դադրիր վայրի մը մէջ զԱյն պատկերացնելէ: Անշուշտ շատ վաղ ժամանակներէ եւ նոյնիսկ նախաքրիստոնէական շրջաններէ կու գայ Աստուծոյ նիւթեղէն հասկացողութիւնը, եւ զԱյն աշխարհագրական վայրի մը մէջ տեղաւորելու գաղափարը:
Քրիստոնէական դարաշրջանը հակառակ Աստուծոյ հոգեղէն, աննիւթեղէն գերագոյն էակ ըլլալու երեւոյթը շեշտելուն, դարձեալ պաշտամունքային վայրի մը՝ եկեղեցւոյ Աստուծոյ տունը ըլլալուն կարեւորութիւնը կ՛ընդգծէ, ուր հաւատացեալներ միասնաբար կ՛աղօթեն Աստուծոյ ու կը փառաբանեն Անոր սուրբ անունը:
Նոյնը հեթանոսական տաճարներուն համար կարելի է ըսել, այն տարբերութեամբ, որ անոնց մէջ նիւթեղէն ու անհոգի չաստուածներուն պաշտամունքը կը կատարուէր, մարդկային զոհաբերումներով ու այլազան տարօրինակութիւններով, որոնք անքաղաքակիրթ մարդկութեան բնորոշիչ յատկանիշներն էին:
Աստուծոյ մեծութիւնը ու մանաւանդ վեհութիւնը նկատի ունենալով, հին ժամանակներէն սկսեալ, բոլոր կրօններուն մէջ ալ Աստուած անմերձենալի նկատուած է: Անոր սրբութիւնը, անեղծանելիութիւնը, բիւրեղութիւնը ու անհպելիութիւնը, զԱյն վերածած են հեռաւոր տեղ մը գտնուող էակի: Այսպէս, հիներ Աստուծոյ մասին մտածած ժամանակ, այնպէս կը խորհէին, թէ Ան կը գտնուի յաւերժ ձիւնածածկ լեռներու անմերձենալի կատարներուն: Փաստօրէն այդ լեռներուն կատարները ոչ մէկ մարդկային ոտք չէր կոխած, ոչ ալ մարդկային աչք կրցած էր մօտէն տեսնել անոնց կատարները: Այսօր, սակայն, մարդիկ օդանաւերու նեղ պատուհաններէն հանդարտութեամբ կը դիտեն լեռներու կատարներու ամէնէն բարձր կէտերը, կը թափանցեն առասպելական թուացող անոնց կիրճերուն ու անդնդախոր ձորերուն մէջ։

Անմերձենալի Աստուծոյ նոյն գաղափարը միաստուածեան կրօններուն պարագային դէպի անմերձենալի երկինքները փոխադրած է զԱստուած մինչդեռ Աստուած մօտիկ ու անմիջական է օդի նման, առանց որուն չկայ կեանք: Անիկա իրական է լոյսին նման, առանց որուն չկայ աշխարհ…
Ամէն արարած կը փափաքի ԶԱստուած տեսնել իր քով շատ մօտիկ. եւ յանկարծակի վտանգին պարագային՝ ինչպէս մահը, կը բողոքէ նոյնիսկ «Ո՞ւր էիր Աստուած» խօսքով։
Հարց կու տանք ՜՜Աստուած ո՞ւր է եւ ո՞ւր պէտք է ըլլայ...՝՝:
Քրիստոնէական եկեղեցւոյ սուրբ հայրերու հոգեկան մաքրութեան ի պատասխան, Աստուած բազմաթիւ առիթներով ու ձեւերով յայտնութիւն տուած է անոնց: Ուրեմն ներքին մաքրութեան, մտածումներու բիւրեղութեան եւ հաւատքի անսասանութեան բերումով Աստուած յայտնուած է անոնց: Սիրտը՝ մարդկային խորհուրդներու շտեմարանը, միշտ մաքուր պահելու պատուէր կը տրուի մարդուն, կրօնական եւ ոչ-կրօնական կենցաղային օրէնսդիրներու կողմէ: Քրիստոսի ներկայացուցած «Երանի՜ներուն» մէջ եւս կը հանդիպինք երկնային այդ խոստումին, ըստ որուն՝ սրտով մաքուր եղողները զԱստուած պիտի տեսնեն (Հմմտ. Մտ 5.8):
Մարդկային սիրտին Աստուծոյ յարմարագոյն «բնակարան» ըլլալու փաստերէն է խիղճին ներկայութիւնը մարդոց մէջ: Խիղճը, երբեք չի՛ լռեր անարդարութեան դիմաց, այնպէս ինչպէս Աստուած չի՛ հանդուրժեր որեւէ տեսակի չարիք:
Թուղթէ, փայտէ, երկաթէ, քարէ ու այլ նիւթերէ շինուած բնակարաններու մէջ զԱստուած տեղադրելէ շատ աւելի յարմար է մարդկային սիրտը ընտրել իբրեւ իսկական բնակարան Աստուծոյ, ուր Ան երբ թագաւորէ, զայն կը վերածէ ցանկալի դրախտին:
Սիրտը միշտ վախի մէջ կ՛ըլլայ այն բոլորին համար, զորս կը սիրէ: Աստուծոյ նկատմամբ ունեցած սէրն ալ միշտ մարդկային սիրտի գուրգուրանքին առարկան կ՛ըլլայ, երբ Աստուծոյ տրամադրուած ըլլայ այդ սիրտը իբրեւ «բնակարան»:
Մաքրենք մեր սիրտը ու յարդարենք զայն իբրեւ ամէնէն մօտիկ իրականութիւնը մեր անձին, զոր իբրեւ բնակութեան վայր պէտք է տրամադրենք Աստուծոյ:








All the contents on this site are copyrighted ©.