2015-10-28 09:12:00

Արեւելեան քահանայապետական հաստատութեան ակադեմիական նոր տարուան բացումը։


(Ռատիօ Վատիկան)  Երկուշաբթի` 26 հոկտեմբեր 2015-ին Արեւելեան եկեղեցիներու կառավարիչը՝ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին զեկոյցով մը բացումը կատարեց Արեւելեան քահանայապետական հաստատութեան ակադեմիական նոր տարւոյն։

Արարողութեան ներկայ էին Միջին Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքները, որոնց շարքին Ամենապատիւ ու Գերերջանիկ  Գրիգոր Պետրոս Ի կաթողիկոս պատրիարքը։

Երկարաշունչ զեկոյցին մէջ կարդինալ Սանտրին պատմականը ներկայացուց Արեւելեան քահանայապետական հաստատութեան ընդգծելով որ այնպէս ինչպէս Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովը տունն է Արեւելցիներուն նոյնպէս եւ Արեւելեան քահանայապետական հաստատութիւնը հոգին է արեւելցիներուն։

Ակադեմիական մատակարարութիւնը 1922-ին  յանձնուեցաւ Յիսուսեան միաբանութեան, որ որդեգրեց հիմնադիր հօր բնաբանը. ''Աստուծոյ փառքին համար։ Մենք կանչուած ենք սիրելու ու ծառայելու''։

Պենետիկտոս  ԺԶ վաստակաւոր Պապը որ եղած է դասախօս Freising-ի համալսարանի ըսած է որ համալսարանը  պէտք է ըլլայ վայրը շփումի` ուսանողներու ու դասախօսներու միջեւ։ Հանդիպում` պատմաբաններու, իմաստասէրներու, բնականաբար աստուածաբաններու  եւ ուսանողներու միջեւ, կարելի դարձնելով  փորձառութիւնը համալսարանի, եղելութեան ու կեանքին հետ։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր կարգին կը խնդրէ ճշտումը յարաբերութիւններու ոչ միայն անհատներու այլ եւ համալսարանի մասնաճիւղերու միջեւ։

Կարդինալ Սանտրին շեշտեց կարեւորութիւնը հայրաբանութեան խորացումին ընդգծելով բիւզանդական, ասորական, հայկական ու ղպտիական ոգիի կարեւորութիւնը որ այնքան  բեղուն դարձուց առաջին դարերու Արեւելեան եկեղեցիները։

Կարդինալը ապա խնդրեց որ պատուհան մը բացուի իսլամաբանութեան վրայ, անոր գեղարուեստին ու հնախօսութեան Ան ապա յարեց` ''Հոս եւս կ՝ուզեմ շեշտել հայկական լեզուի ուսումնասիրութիւնը շնորհիւ ս. Աթոռի մօտ հայ դեսպանութեան բերած սատարին'' ու Արեւելեան եկեղեցիներու պատրիարքներէն խնդրեց  աջակցութիւն, ուսանողներ ուղարկելով Հռոմ, ինչպէս նաեւ հմուտ դասախօսներ տրամադրելով։

ԿարդինալՍանտրին ապա ներկաներէն խնդրեց  ''մեր աղերսը բարձրացնենք Ամենակալ Տիրոջ որպէսզի խաղաղութիւն շնորհէ Միջին Արեւելքին։ Խաղաղութիւնը թէեւ Աստուածային պարգեւ մըն է սակայն միաժամանակ արդիւնքն է բարի կամք ունեցող  մարդոց։ Աղօթենք Ս. Երկրի խաղաղութեան համար եւ հոն ուր զինեալ ընդհարում կայ։ Աշխատանքը, ուսումը եւ աղօթքը մեր ակադեմիական հաստատութենէ ներս, թող ըլլայ մեր օժանդակութիւնը խաղաղութեան վերահաստատումին''։








All the contents on this site are copyrighted ©.