2015-10-28 08:45:00

Արեւելեան եկեղեցիներու կառավարիչին այցելութիւնը Մարոք 27-30 հոկտեմբեր։


(Ռատիօ Վատիկան) Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովը կը տեղեկացնէ որ Ժողովի Կառավարիչ` կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին Մարոք կը մեկնի 27-30 հոկտեմբեր, մասնակցելու ՝՝միջ-կրօնական երկխօսութիւնը, հիմն է երկխօսութեան ու համեմատութեան՝՝ գիտաժողովին։ 

Ապաթ կեցութեան ընթացքին Կարդինալը հանդիպում կ՝ունենայ տեղւոյն եկեղեցականներուն հետ, ապա կ՝ուղղուի դէպի ֆես ուր կը հանդիպի Մարոքի մշակոյթի նախարարի եւ այլ անձնաւորութիւններուն հետ։ Կարդինալ Սանտրի ապա կը մասնակցի զանազան ձեռնարկներու։ Ճամբորդութեան յայտագիրը վերջ կը գտնէ ուրբաթ 30 հոկտեմբերին։








All the contents on this site are copyrighted ©.