2015-10-27 14:13:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հեռագիրը Փաքիստանը հարուածող երկրաշարժին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 27 հոկտեմբեր 2015-ին, Վատիկանի Պետքարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Փաքիստանի հանրապետութեան մօտ Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Ղալէպ Մուսսա Ապտալլա Պատրիին, Ֆրանչիսկոս Պապին անունով յղեց հեռագիր մը որուն մէջ յայտնեց Սրբազան Քահանայապետին խոր ցաւը ի լուր Աֆղանիստանն ու Փաքիստանը հարուածած ահաւոր երկրաշարժին որ պատճառեց կեանքի բազմաթիւ կորուստներ։

Կարդինալ Փարոլին ապա փոխանցեց Ֆրանչիսկոս Պապին զօրակցութեան զգացումները բոլոր անոնց որոնք թիրախ դարձան աղէտին, անոնց վստահեցնելով աղօթքներ մեռեալներու հոգւոյն համար ու անոնց համար որոնց ճակատագիրը տակաւին անյայտ կը մնայ։

Հեռագիրի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը  հայցեց Աստուածային օրհնութիւններ, ուժ եւ մխիթարութիւն, բոլոր անոնց որոնք կը սգան իրենց սիրելիներուն կորուստը ինչպէս նաեւ բոլոր քաղաքացիական իշխանութիւններուն ու արտակարգ իրողութիւնը դիմագրաւող անձնակազմին­, որ իր բոլորը ջանքը կը դափէ օգնութեան հասնելու աղէտեալներուն­։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.