2015-10-27 08:21:00

Ուժգին երկրաշարժ մը հարուածեց Փաքիստանն ու Աֆղանիստանը։


7,5 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը հարուածեց Փաքիստանի հիւսիսը եւ Աֆղանիստանի հարաւը` պատճառելով աւելի քան 150 զոհ: Երկրաշարժը զգացուեցաւ նաեւ հիւսիսային Հնդկաստանի եւ Տաճիկիստանի մէջ:

Երկրաշարժի կեդրոնը կը գտնուէր լեռնային Հինտու Քուշ շրջանին մէջ` Ֆայզապատէն 76 քիլոմեթր հարաւ:

Միայն Փաքիստանի մէջ զոհերուն թիւը 123 էր: Անոնց մեծամասնութիւնը արձանագրուեցաւ Խայպեր Փախթունխուա նահանգի Մալաքալանտ շրջանին մէջ:

Փաքիստանի վարչապետ Նաուազ Շարիֆ արտասահման իր այցելութիւնը ընդհատելով վերադարձաւ Փաքիստան:

Տաճիկիստանի մէջ 12 աշակերտներ վիրաւորուեցան, երբ դպրոցի մը աստիճանը փուլ եկաւ:

Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտի օգնութիւն առաջարկեց Աֆղանիստանին ու Փաքիստանին: Ան «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրեց. «Ես խնդրած եմ շուտով արժեւորել կացութիւնը, եւ մենք պատրաստ ենք անհրաժեշտ չափերով օգնութիւն ցուցաբերելու Աֆղանիստանին եւ Փաքիստանին»:








All the contents on this site are copyrighted ©.