2015-10-27 08:52:00

''Nostra aetate''ի յիսնամեակի առթիւ միջկրօնական ընդհանուր ունկնդրութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) 28 հոկտեմբերին կը նշուի Պօղոս Զ Քահանայապետին հրատարակած Վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովի  կաթողիկէ դաստիարակութեան  հայող “Gravissimum educationis”, վաւերագիրին հրապարակումին 50º տարեդարձը։
Նոյն օրը կը նշուի նաեւ Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի` կաթողիկէ եկեղեցւոյ այլ կրօններու հետ յարաբերութիւններուն հայող  ''Nostra aetate'' վաւերաթուղթի հրապարակումին 50րդ տարեդարձը։ Արդարեւ 28 հոկտեմբեր 1965-ին Վատիկանեան Տիեզերական ժողով ժողովական հայրերը 2221 ձայնով վաւերացուցած են ''Nostra aetate''  վաւերաթուղթը։

Պօղոս Զ Պապը իր գոհունակութիւնը յայտնելով նշեց թէ ''եկեղեցին կը խօսի, եկեղեցին կ՝աղօթէ , եկեղեցին կ՝աճի ու եկեղեցին կը կազմուի''։

Nostra aetate վաւերագիրը կ՝արտացոլէ եկեղեցւոյ փափաքը բոլորին հետ հանդիպում հաստատելու եւ կը քաջալերէ իր հաւատացեալները սիրոյ զգացումներով երկխօսութիւն հաստատելու այլ կրօններու հաւատացեալներու հետ։

Այս տարեդարձը լաւագոյնս վերակոչելու համար Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդը հրէութեան հետ կապի յանձնախումբի ու միութեան քահանայապետական խորհուրդի ու Գրիգորեան համալսարանին հետ միասին 26-28 հոկտեմբեր կը կազմակերպէ  միջազգային գիտաժողով մը Գրիգորեան քահանայապետական համալսարանին մէջ։

Ապա  Չորեքշաբթի 28 հոկտեմբերին, զանազան կրօններու պատասխանատուները իրենց հաւատացեալներուն հետ միասին հրաւիրուած են իրենց մասնակցութիւնը բերելու չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութեան։ Բարեպատեհ առիթ մը միասնաբար գոհութիւն մատուցանելու Ամենակալ Տիրոջ` 50 տարիներու հոլովոյթին  կատարուած յառաջդիմութիւններուն  միջկրօնական երկխօսութեան ծիրէն ներս եւ Տիրոջմէն հայցելու օրհնութիւնը կատարելիք ճանապարհին համար։

Ընդհանուր ունկնդրութեան սկիզբը տեղի կ՛ունենան զանազան լեզուներով ներկայացումներ։ 9,30-ին Ֆրանչիսկոս Պապ մուտք կը գործէ հրապարակ ու սովորութեան համաձայն շրջանը կ՛ընէ ողջունելով այնտեղ համախմբուած հաւատացեալները ապա կը բարձրանայ կեդրոնական ամպիոն ու խօսք կ՛առնեն յաջորդաբար Կարդինալ Ժան Լուի Թոռան, միջկրօնական Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ, Կարդինալ Քիւրդ Քոխ, Քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ, ապա կը կատարուին ընթերցումներ քաղուած “Nostra Aetate” վաւերաթուղթէն հուսկ Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամը կ՛ուղղէ ներկաներուն։ Հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով կ՛ողջունէ հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները հրաւէր ուղղելով անոնց միջկրօնական երկխօսութեան ի սպաս լռելեան աղօթք մը կատարելու։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.