2015-10-26 12:02:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Քաղդէացի Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 26 հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Քաղդէացի Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերը որոնք Հռոմի մէջ գումարած են իրենց սիւնհոդոսական նիստը։

Այս առթիւ անոնց արտասանած իր խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ ''առիթէն կ՛օգտուիմ ձեր միջոցաւ ձեր հաւատացեալներուն ու սիրեցեալ Սուրիոյ եւ Իրաքի բնակիչներուն փոխանցելու մխիթարութեան եւ քրիստոնէական զօրակցութեան զգացումներ։ Թող Աստուծոյ ողորմածութիւնը, Յոբելենական տարւոյն նախօրեակին, բուժէ պատերազմի վէրքերը որոնք կը խոցեն ձեր հասարակութիւններուն սիրտը, այնպէս որ ոչ մէկը այս պահուս­, յուսահատութեան մատնուի''։

Սրբազան Քահանայապետը ապա ակնարկեց բռնութիւններու բերումով գաղթականութեան հոսքին որ կը վտանգէ այդ հողերու վրայ քրիստոնէութեան ներկայութիւնը ուր սկիզբ առած է Աբրահամ Նահապետի ուղեւորութիւնը, եւ ուր մարտիրոսներու արիւնով  հիմնուեցաւ առաջին Եկեղեցին ու վկայուեցաւ Աւետարանի լիութիւնը, ինչպէս նաեւ քրիստոնեաները իրենց սատարը բերին ընկերութեան զարգացումին, դարերէ ի վեր համերաշխ համակեցութեամբ մեր իսլամ եղբայրներուն հետ։ Դժբախտաբար սակայն, դիտել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, ներկայ ժամանակները յատկանշուած են հալածանքներով մինչեւ նահատակութիւն, ու ակնարկեց Քաղդէացի  եկեղեցւոյ դիմաց կայացած մարտահրաւէրներուն­, յայտնելով առաքելական սուրբ աթոռին նեցուկը ու վստահեցնելով իր աղօթքները որպէսզի քրիստոնեաները չպարտաւորուին թողուլ Իրաքը եւ Միջին Արեւելքը։

Ձեր կը յորդորեմ աշխատելու յարատեւ որպէս միութիւն կառուցողներ Իրաքի բոլոր շրջաններուն մէջ, յառաջացնելով երկխօսութիւնը ու սատարելով բաժանումներու վերացումին - ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը ու սրտաբուխ կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան որպէսզի գիտնայ որդեգրել վաւեր ռազմավարութիւններ ի սպաս խաղաղութեան, ատելութեան լուծին տակ գտնուող երկիրներուն մէջ­, ու վերադարձնել Սիրոյ կենսատու շունչը այն վայրերուն մէջ որոնք կը հանդիսանան  ժողովուրդներու, մշակոյթներու եւ ազգերու խաչմերուկ։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ մատնանշեց Քաղդէացի եկեղեցւոյ սիւնհոդոսին շեշտը դնելով սիւնհոդոս բարին վրայ որ է ''Միասին Քալել'' ու հրաւիրեց հետեւիլ Յիսուսի խօսքերուն ''Ով որ կ՛ուզէ ձեր մէջ մեծ ըլլալ` թող ծառայէ միւսներուն'' ապա յորդորեց գործել ողորմութեամբ­, հեզութեամբ, համբերութեամբ ու փոխադարձ ընդունելութեամբ` որ հաղորդութիւն կը յառաջացնէ։

Ձեր աչքին առջեւ ունենալու էք միշտ Բարի Հովիւը ու ձեր սրտի մտահոգութիւնը ըլլալու է անոր հօտին փրկութիւնը յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը քաջալերելով ներկաները ըլլալու Հայր` քահանաներու նկատմամբ, ու հայրական հոգիով մօտենալու անոնց ու անոնց հարցերուն­, ապա խօսքը եզրափակեց խրախուսելով եպիսկոպոսները նուիրումով շարունակելու իրենց առաքելական գործունէութիւնը Քաղդէացի Եկեղեցին յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի Մայրական հովանիին ու բոլորին տալով իր հայրական օրհնութիւնը որպէս գրաւական` յոյսի ու մխիթարութիւն Ողորմած Աստուծոյ Սիրոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.