2015-10-26 12:13:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը զինուորական մատրանապետերուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 26 հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպելով Քահանայապետական Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն խորհուրդի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Զինուորական Մատրանապետերու` միջազգային մարդասիրական իրաւունքի Դ կազմաւորումի դասընթացքի մասնակցողներուն­, անոնց ուղղեց ճառ մը որուն մէջ ակնարկելով կազմաւորումի դասընթացքին ու անոնց առաքելութեան հաստատեց թէ պատերազմը կ՛այլակերպէ եղբայրներու եւ ազգերու միջեւ կապերը, ու կ՛այլակերպէ նաեւ անոնք որոնք բռնութեան վկաներն են։  Շատ մը զինուորներ պատերազմէն կը վերադառնան խոր ու անջնջելի հետքեր ունեցող վէրքերով հաստատեց Սրբազան Հայրը դիտել տալով թէ ''Հարկաւոր է  հարց տալ ու որոնել համապատասխան պայմանաւորումներու այդ վէրքերը բուժելու համար'' ապա  ընդգծեց Մատրանապետերու պատասխանատուութիւնն ու դերը հովուական մարզէն ներս որ պէտք է յայտնաբերէ Եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը` այդ անձերու վէրքերը խնամելով Աստուծոյ Խօսքի իւղով ու անոնց ներշնչելով յոյս, Սուրբ Հաղորդութեան ու Ապաշխարութեան խորհուրդներու շնորհքի միջոցաւ որ կը սնուցանէ ու կը վերակենդանացնէ ընկճուած հոգիները։

Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկեց պատերազմի զոհ անմեղներուն ու անոնց կրած մարդկային տառապանքներուն անգամ մը եւս դատապարտելով զէնքերու վաճառքը որոնք ցաւ ու աւէր կը պատճառեն ու հրաւիրեց նոր բանավէճերու միջոցաւ յանգիլ պատշաճ լուծումներու։ ''Որպէս Քրիստոնեաներ, ­ ըսաւ Ան, մենք խորապէս համոզուած ենք որ ամէն մարդու ու հասարակութեան կէտնպատակն է պատերազմները բնաջնջել։ Ասոր համար պէտք ենք միշտ յանձնառու ըլլալ կառուցելու կամուրջներ որոնք կը միացնեն եւ ոչ թէ պատեր որոնք բաժանում կը ստեղծեն. Պէտք ենք գործել հաշտութեան ի սպաս, նոյնիսկ պատերազմի խաւարին մէջ պէտք չէ երբեք յոգնինք յիշելու որ ''ամէն մէկ էակ անհունօրէն սուրբ է''։

''Այս ժամանակաշրջանին մէջ ուր կ՛ապրուի ''բաժան բաժան  երրորդ համաշխարհային պատերազմ'' մը, դուք կանչուած էք զինուորներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն մէջ զարգացնելու հոգեկան ու բարոյական չափանիշեր` օգնելու զանոնք դիմագրաւելու համար կեանքի դժուարութիւնները'' ըսաւ Սրբազան Հայրը ու խօսքը եզրափակեց ներկաներուն վստահեցնելով իր մօտիկութիւնն ու աղօթքը ու անոնց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.