2015-10-26 13:22:00

Ոչ եւս է սովետական միութեան տարիներուն կալանուած կարդինալ Քորէչ. Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 24 հոկտեմբեր 2015-ին կէսօրին,  91 տարեկանին վախճանեցաւ յիսուսեան կարդինալ Քորէչ, վաստակաւոր առաջնորդը Սլովաքիայի Նիթրա թեմին։

Ան եղած է կաթողիկէ եկեղեցւոյ գլխաւոր ընդդիմադիրը չեքոսլովաքիայի համայնավար վարչութեան տարիներուն, պայքար մղելով ազատութեան ու հանրավարութեան ի խնդիր։

Կարդինալ Korec ծնած էր 22 Յունուար 1924-ին Պոզանի։ 1939ին յիսուսեաններու վանքը մտած էր։ 1951-ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած էր, մէկ տարի յետոյ` 24 օգոստոս 1951-ին գաղտնաբար եպիսկոպոս օծուած էր գերապայծառ Pavel Hnilica-ի ձեռքով։ 9 տարի անընդհատ գործարան աշխատած է, գաղտնաբար քահանայական ու եպիսկոպոսական առաքելութիւնը կատարելով։

11 մարտ 1960-ին կը ձերբակալուի ու 12 տարուայ բանտարկութեան կը դատապարտուի։

Բանտին մէջ կը հանդիպի 200 քահանաներու ու 6 եպիսկոպոսներու։

1968ին ազատ կ՝արձակուի շնորհիւ ՝Փրակայի գարունը՝ կոչուած  յեղափոխութեան։ Այդ տարին առաջին անգամուան համար  հրապարակաւ պատարագ կը մատուցանէ։

1969-ին անցագիր կ՝ընդունի Հռոմ մեկնելու համար ուր հանդիպում կ՝ունենայ Պօղոս Զ Պապին հետ։ Բանտարկութենէն ետք Պրաթիսլավիայի մէջ կ՛աշխատի նախ որպէս աւելածու եւ ապա քիմիական գործարանի մէջ մինչեւ 1984։

Համայնավար վարչաձեւի տարիներուն ան գաղտնաբար ձեռնադրեց 120 քահանաներ։

1990-2005 եղաւ առաջնորդը Նիթրա թեմին։ 1990-1993 եղաւ նախագահը Սլովաքիայի եպիսկոպոսական դասին։ 1991-ին ՅՊԲ անոր շնորհեց կարդինալութեան արժանապատուութիւնը։ Ան եղած է հեղինակը բազմաթիւ գիրքերու, ամենէն նշանաւորն է ''Բարբարոսներու Գիշերը'' վերտառութեամբ հատորը, թարգմանուած բազմաթիւ լեզուներու։

Հակառակ իր յառաջացած տարիքին ան միշտ նկատուած էր որպէս ամենէն հեղինակաւոր ու ազդեցիկ անձնաւորութիւնը Սլովաք եկեղեցւոյ։ 2014-ին անոր ծննդեան 90 ամեակին առթիւ Սլովաքիայի թղթատարութիւնը անոր ընծայած էր դրոշմաթուղթ մը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցագիր  մը յղելով Պրաթիզլավիայի Արքեպիսկոպոսին յայտնեց իր ցաւակցական խոր զգացումներն ու մօտիկութիւնը հանգուցեալ քաջ ու նուիրեալ հովիւի մահուան ի լուր, որ իր եկեղեցական երկար տարիներու առաքելութեան ընթացքին հանդիսացաւ Աւետարանի անվախ վկայ ու քրիստոնէական  հաւատքին ու մարդ անհատի իրաւունքներուն քաջ պաշտպանը։

Սրբազան Հայրը ապա գոհունակութիւն յայտնեց Տիրոջ իր Եկեղեցւոյ այսպիսի քահանայ մը ու եպիսկոպոս մը ընծայած ըլլալուն համար ապա բոլոր թեմի կղերական դասին ու հաւացեալներուն շնորհեց առաքելական օրհնութիւնը որպէս նշան հաւատքի եւ քրիստոնէական յոյսի ի յարուցեալ Քրիստոս








All the contents on this site are copyrighted ©.