2015-10-24 08:59:00

Վիեննայի մէջ Սուրիոյ հարցին շուրջ քառակողմ հանդիպում


Ուրբաթ, 23 հոկտեմբերին, Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյրի, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի միջեւ քառակողմ հանդիպում մը: Սակայն նախքան այդ հանդիպումը, վերոնշեալ նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցան երկկողմանի հանդիպումներ:

Քառակողմ հանդիպումի աւարտին Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութենէն հեռացման ժամկէտին շուրջ համաձայնութիւն գոյութիւն չունի, իսկ իր երկիրը կառչած կը մնայ «Ժընեւ-1»-ի հաղորդագրութեան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց. «Մեր գործընկերներուն մօտ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ճակատագիրին վերաբերեալ վերապահութիւններ գոյութիւն ունին, իսկ մենք կ’ըսենք, որ Ասատի ճակատագիրը կը ճշդէ անոր ժողովուրդը»` աւելցնելով. «Կ’ուզենք սուրիական տագնապի լուծումը եւ պետութեան տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը ապահովել»:

Ան շեշտեց, որ սէուտցիք եւ թուրքերը վստահեցուցած են, որ կառչած կը մնան սուրիական տագնապին լուծման համար ժընեւեան սկզբունքներուն` նշելով, որ ռուսական կողմը յայտնած է, որ պէտք է սուրիական ընդդիմութեան օժանդակել, որպէսզի միացեալ պատուիրակութիւն մը կազմէ` մասնակցելու համար երկխօսութեան: Ռուսական դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց, որ քառեակը պէտք է ընդլայնուի եւ անոր միանան Եգիպտոսն ու Իրանը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի իր կարգին յայտնեց, որ Վիեննայի հանդիպումը «արդիւնաւէտ եւ շինիչ էր»` նշելով, որ քառեակը կրնայ յառաջիկայ ուրբաթ օր հանդիպում ունենալ` քննարկումները ընդլայնուած ձեւով շարունակելու համար: «Ներկայացուցինք կարգ մը գաղափարներ, որոնք Սուրիոյ մէջ կացութիւնը մեծապէս կրնան փոխել», ըսաւ ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.