2015-10-24 09:04:00

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Ֆրանսուա Հոլլանտին


Նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին` Պորտոյի մերձակայքը` Ժիրոնտի մէջ տեղի ունեցած աղէտալի արկածին առիթով, որ աւելի քան չորս տասնեակ անմեղ զոհերու պատճառ դարձած է:

«Նախագահ Սերժ Սարգսեան խորին ցաւակցութիւն եւ զօրակցութիւն  յայտնած է նախագահ Հոլլանտին, Ֆրանսայի բարեկամ ժողովուրդին եւ  զոհուածներու հարազատներուն` մաղթելով համբերութիւն եւ  արիութիւն», նշուած է Հայաստանի նախագահի ուղերձին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.