2015-10-24 09:30:00

Մեծ եղեռնի հարիւրամեակի շուքին տակ


Ցեղասպանութիւ՞ն թէ ոչ...

 

Ինչու՞ համար երկիրներ կը խուսափին «ցեղասպանութիւն» բացատրութիւնը գործածելէ։

Օթթօ Լուխթերհանտդ, գերմանացի իրաւաբան, տարիներ առաջ հրատարակած էր ցեղասպանութեան գաղափարը քննարկող աշխատանք մը՝ «Թուրք-հայկական հակամարտութիւնը, Գերմանիա եւ Եւրոպա» խորագրով։

Հեղինակը կը յիշէ Լէօ Քուփեր, Հարաւափրիկեցի փիլիսոփայ եւ մասնագէտ ցեղասպանական հարցերու։ Քուփեր՝ ցեղասպանութեան մասին կատարած իր աշխատութեան մէջ յիշած էր հետաքրքրական դիտարկում մը, որ կատարած էին ՄԱԿի պաշտօնեաներ։ Նկատուած էր թէ ինչպէս ՄԱԿի անդամ երկիրները կը խուսափին եւ վերապահ են բացէ ի բաց «ցեղասպանութիւն» բացատրութիւնը գործածելէ, նոյնիսկ այն ժամանակ՝ եթէ պետութեան մը ներկայացուցիչի մը անձնական կարծիքին գնահատումով կատարուածը բացայայտօրէն «ցեղասպանութեան» է։ Ըստ Քուփերի, բանակցութիւններու ընթացքին երբ մէկը պետութեան մը կը մօտենայ մեղմացուած բացատրութիւններով, ինչպիսի են՝ «մարդկային իրաւունքներու զանգուածային վնաս» կամ «խաղաղութեան վտանգում», այն ժամանակ աւելի դիւրին է բանակցութեան մը յանգիլ, քան թէ ուղղակի ցեղասպանութեան ամբաստանութեամբ մօտենալ։

Իբր օրինակ Լուխթերհանտդ կը բերէ Թուրքիոյ պարագան։ Նկատի առնելով Թուրքիոյ անհամաչափ եւ յոյժ գրգռուած հակադարձութիւնը՝ ցաղասպանութեան ի նպաստ կայացած որեւէ արարքի հանդէպ, կը յանգեցնեն այն եզրակացութեան, թէ Թուրքիան այս խնդրին հետ խորապէս անտրամաբանական յարաբերութիւն ունի։

Սակայն անկախ քաղաքական կամ լրագրողական արտայատութիւններէ, նաեւ թուրք գիտնականներու, ինչպէս եւ գերման արեւելագէտներու քով կը տեսնուի նոյն խուսափումը, որ կʼարտայայտէ այն համոզումը, թէ – ըստ քննարկողի հաճոյքին – կատարուածը «ողբերգական պատահարներ» են, կամ «զանգուածային տեղահանութիւններ», սակայն ոչ՝ «ցեղասպանութիւն»։ Անշուշտ այսպիսի արտայատութիւններու հեղինակները որեւէ պատճառաբանութիւն չեն տար իրենց հաստատումին ի նպաստ, որովհետեւ իրենց գրածին համար երբեք պատասխանատուութեան պիտի չկոչուին՝ թէ ինչ չափանիշերով կʼորոշեն թէ կոտորած, ջարդ, «ցեղային մաքրագործում», տեղահանութիւն, վտարում եւն. ցեղասպանութիւն գաղափարին տակ կʼիյնան կամ ոչ։ Հեղինակ մը շատ անգամ անակնկալ կերպով կը բացայայտէ թէ այս խնդիրները քննարկող պատմաբաններուն, ընկերաբաններուն, քաղաքագէտներուն եւ հրապարակագիրներուն կամ քաղաքական անձնաւորութիւններուն հազիւ կամ ամենեւին ծանօթ չէ ցեղասպանութեան սահմանումը, միակ եւ ճշգրիտ չափանիշը, այսինքն 1948ի Հակա-Ցեղասպանական պայմանագրի երկրորդ յօդուածը։ Գիտական շրջանակներէ ներս շատ մը անպտուղ կռիւներ նուազ պիտի ըլլային, եթէ բոլոր կողմերը յիշեալ պայմանագիրը նկատի առնէին, եւ անոր բովանդակութիւնը լրջօրէն ուսումնասիրէին եւ վերլուծէին։

Իսկ ե՞րբ կարելի է արարկայական կերպով ըսել թէ տուեալ պարագային ցեղասպանութեան իրադրութիւն գոյութիւն ունի։ Հակա-ցեղասպանական պայմանագրի ենթակաները ոչ թէ անմիջականօրէն «ժողովուրդներ» են, այլ որոշ խումբեր՝ ազգային, ցեղային եւ կամ կրօնական, կը բացայայտէ Լուխթերհանտդ։

Ցեղասպանութիւնը իր էութեամբ կը ներկայացնէ յիշեալ խումբի կեանքին կամ ապրելու կարելիութիւններուն ոչնչացումը։ Պայմանագրի նպատակն է, յիշեալ խումբերը իբր այդպիսի պաշտպանել ոչնչացումէ՝ երաշխաւորելով մարդկային ամենատարրական իրաւունքներէն մին՝ ապրելու իրաւունքը՝ խմբային իւրայատկութեամբ։

Ըստ պայմանագրի ցեղասպանութիւն կը կատարուի երբ՝

ա) կը սպաննուին որոշ խումբի մը անդամները

բ) մարմնական եւ հոգեկան վնասներու կʼենթարկուին

գ) կը կատարուի կեանքի այնպիսի պայմաններու միտումնաւոր պարտադրանք, որ խումբի անդամներու մարմնական ոչնչացման կը տանի

դ) որոշ միջոցներու հարկադրանք, որ ուղղուած է խումբի որդեծնութեան կամ յաջորդականութեան դէմ

ե) խումբի երեխաներու բռնի փոխադրումը՝ ա´յլ խումբերու մէջ

Լուխթերհանտդ ապա կʼեզրակացնէ թէ, նկատի առնելով պայմանագրի միտքը, կը տեսնենք, թէ ցեղասպանութիւնը ուղղուած է խումբի մը ներկայի եւ ապագայի գոյատեւման դէմ։ Պատմաբանը կամ իրաւաբանը այս չափանիշերով է, որ պէտք է ընթանայ հարցի քննարկման մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.