2015-10-24 14:22:00

Եպիսկոպոսներու յայտարարութիւնը հայող Միջին Արեւելքի, Ափրիկէի եւ Ուկրանիոյ կացութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Ընտանիքի մասին սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստերու վերջին օրը, Սիւնոհոդոսական հայրերը  Միջին Արեւելքի, Ափրիկէի եւ Ուկրանիոյ կացութեան հայող յայտարարութիւն մը որդեգրեցին որուն մէջ կը կարդանք.

Համախմբուած Սուրբ Պետրոսի յաջորդ` Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին շուրջ, քոյր եկեղեցիներու մեր եղբայրակիցներուն եւ Եպիսկոպոսական ԺԴ սովորոական Սիւնհոդոսի մասնակցող ունկնդիրինրու հետ միասին, մեր մտածումը կը յղենք Միջին արեւելքի ընտանիքներուն։

Տարիներէ ի վեր տեղի ունեցող արիւնալի հակամարտութիւններուն պատճառաւ, անոնք թիրախ են անասելի դաժանութեան։ Անոնց կեանքի պայմանները աւելիով վատթարացան այս վերջին ամիսներուն եւ շաբաթներուն։

Զանգուածային զէնքերու օգտագործումը, անխնայ սպանութիւնները, գլխատումները, մարդկանց առեւանգումը, կիներու շահագործումը, մանուկներու զինուորագրումը, հաւատքի ու ցեղային պատկանելիութեան պատճառաւ հալածանքները, պաշտամունքի վայրերու ոչնչացումը եւ մշակութային ժառանգութեան կործանումը ինչպէս նաեւ անհամար այլ դաժանութիւնները հազարաւոր ընտանիքներ ստիպեցին փախչիլ ու հեռանալ իրենց օճախներէն ու ապաստան գտնել այլուր, կնճռոտ ու խիստ պայմաններու մէջ։ Ու ներկայիս անոնք  զրկուած են վերադարձի, արժանավայել կեանքի եւ իրենց երկրի ապահովութեան իրաւունքէն, սատարելու իրենց երկիրներուն վերակառուցումին ու անոր հոգեւոր եւ նիւթական բարօրութեան։

Այս ողբերգական կացութեան մէջ շարունակաբար խախտուած են մարդկային արժանապատուութեան, ու մարդոց եւ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղ ու ներդաշնակ համակեցութեան սկզբունքները, ամենատարական իրաւունքը` ինչպէս կեանքի, կրօնի ազատութեան  եւ  մարդասիրական միջազգային իրաւունքները։

Առ այդ կ՛ուզենք մեր մօտիկութիւնը յայտնել պատրիարքներուն, եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, նուիրեալ անձերուն եւ հաւատացեալներուն ինչպէս նաեւ բոլոր Միջին Արեւելքի բնակիչներուն, անոնց բացայայտելով մեր զօրակցութիւնը ու անոնց վստահեցնելով մեր աղօթքները։

Մտաբերելով ապա բոլոր առեւանգուած անձերը կը պահանջենք անոնց ազատագրումը։ Մեր ձայնը կը միանայ բազմաթիւ անմեղներու ձայնին` Այլեւս ոչ երբեք բռնութիւն, Ոչ ահաբեկչութեան, Ոչ կործանումին, Ոչ հալածանքին։ Թող անմիջապէս դադրին ռազմական գործողութիւնները եւ զէնքերու վաճառքը։

Միջին Արեւելքի խաղաղութիւնը պէտք չէ փնտռուի ուժով կիրակուած ընտրանքներով այլ քաղաքական որոշումներու միջոցաւ որոնք յարգեն ամէն մէկ ազգի մշակութային եւ հոգեւոր առանձնայատկութիւնները ու այդ ազգերը կազմող զանազան իրականութիւնները։

Մինչ յատուկ կերպով շնորհակալութիւն կը յայտնենք Յորդանանին, Լիբանանին Թուրքիոյ եւ բազմաթիւ եւրոպական երկիրներուն որոնք հիւրընկալեցին գաղթականները, մեր կոչը կ՛ուղղենք միջազգային հասարակութեան որպէսզի, մէկդի դրած անհատական շահերը, աշխատի ի սպաս լուծումներու որոնումին, դիւանագիտական, երկխօսութեան եւ միջազգային իրաւունքի հիման վրայ։

Կը վերակոչենք Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը ուղղուած ''Աբրահամ հայրապետին մէջ իրենք զիրենք ճանչցած անհատներուն եւ հասարակութիւններուն։ Յարգենք իրար զիրար որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր։ Սորվինք հասկնալ ուրիշին ցաւը։ Ոչ մէկը թող շահագործէ Աստուծոյ անունը ի սպաս բռնութեան։ Միասնաբար աշխատինք խաղաղութեան եւ արդարութեան համար ( Երուսաղէմ 26 Մայիս 2014)։

Մենք համոզուած ենք որ խաղաղութիւնը կարելի է ու թէ կարելի է կասեցնել բռնութիւնը որուն Սուրիոյ, Իրաքի, Երուսաղէմի ու համայն Սուրբ երկրին մէջ, ամէն օր թիրախ են ընտանիքներն ու անմեղները եւ որոնք կը վատթարացնեն մարդասիրական տագնապը։ Հաշտութիւնը պտուղն է եղբայրութեան, արդարութեան, յարգանքի եւ ներողամտութեան։

Մեր միակ փափաքը, նման բոլոր բարի կամք ունեցող անձերու փափաքին որոնք մաս կը կազմեն մարդկային մեծ ընտանիքին, այն է ապրիլ խաղաղութեամբ։ Թող որ ''հրեաները, քրիստոնեաները ու մահմետականները, միւս հաւատացեալին մէջ տեսնեն եղբայր մը որ պէտք է յարգուի ու սիրուի­, այնպէս որ իրենց տարածաշրջանին մէջ ներկայացնեն` Աբրահամի զաւակներուն անդորրութեան եւ համակեցութեան գեղեցիկ վկայութիւնը (Եկեղեցին Միջին Արեւելի մէջ 19) ։

Մեր մտածումը ու մեր աղօթքը կ՛ընդլայնենք, նոյն մտահոգութեամբ, հոգատարութեամբ ու սիրով, բոլոր այն ընտանիքներուն, որոնք աշխարհի այլ վայրերու մէջ կը գտնուին նման կացութեան մէջ, յատկապէս Ափրիկէի եւ Ուկրանիոյ մէջ։ Անոնք եւս, Միջին Արեւելիքի ընտանիքներու նման, նկատի առնուեցան սիւնհոդոսական աշխատանքային նիստերու ընթացքին, ու անոնց համար եւս կը խնդրենք արժանավայել ու խաղաղ կեանք մը։

Տառապանքի մասնագէտ` Սուրբ Ընտանիքին, Յիսուսի Մարիամի եւ Սուրբ Յովսէփի կը յանձնենք մեր դիտաւորութիւնները որպէսզի աշխարհը շուտով դառնայ եղբայրներու եւ քոյրերու մեծ ընտանիք մը։

Տուեալ ի Վատիկան 24 հոկտեմբեր 2015-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.