2015-10-24 09:04:00

Գիւտխաչ կամ Քրիստոսի Խաչին վերայատնումը


Ըստ աւանդութեան` Հռոմի Կղաւդիոս կայսեր (41-54թթ.) կինը` Պատրոնիկէն, քրիստոնեայ ըլլալով, ուխտի կ'երթայ Երուսաղէմ, ուր կը հանդիպի այդ ժամանակ Երուսաղէմի առաջին եպիսկոպոս Տեառնեղբայր Յակոբոս առաքեալին:

Կայսրուհին կը փափաքի տեսնել Քրիստոսի գերեզմանը, խաչափայտը եւ Գողգոթան, սակայն Յակոբոս առաքեալէն կը տեղեկանայ, որ հրեաները Քրիստոսի Խաչը, անոր հետ խաչ բարձրացուած երկու աւազակներու խաչերուն հետ, ծածկած էին հողով` հսկելով ու արգիլելով մօտենալ անոնց: Պատրոնիկէ կայսրուհիին միջամտութեամբ՝ սուրբ խաչերը կը հանեն հողի տակէն եւ որոշելու համար, թէ ո՛րն է Քրիստոսինը` անոնց կը մօտեցնեն մահացած աղջիկ մը: Վերջինս Քրիստոսի Խաչի հպումէն կը կենդանանայ:

Յակոբոս Տեառնեղբայրը, բոլորին ի տես եւ ի մխիթարութիւն, Խաչը կը բարձրացէ Երուսաղէմի տաճարին մէջ եւ, ըստ աւանդութեան, այդ առթիւ կ'երգեն. «Խաչի Քո, Քրիստոս, երկիր պագանեմք» (Շարականը): Եկեղեցական աւանդութեան մէջ այս առաջին դէպքն է, երբ Խաչը հանդիսաւորապէս կը կանգնեցուի` փառաւորուելով հաւատաւոր զաւակներուն կողմէն: Անոնցմէ շատերը ականատես կ'ըլլան նաեւ Խաչափայտի վրայ շողացող պայծառ լոյսի: Պատրոնիկէ կայսրուհիին խնդրանքով՝ Յակոբոս Տեառնեղբայրը անոր կը նուիրէ Խաչէն մաս մը, որ կայսրուհին կը տանի Հռոմ: Նուիրական Խաչափայտի անգին այս մասունքը հետագային կ'անցնի անոր ազգականուհի Հռիփսիմէին, որ զայն իր հետ կը բերէ Հայաստան:
Կղաւդիոս կայսեր եւ Պատրոնիկէ կայսրուհիին մահէն ետք, հրեաները կը սպաննեն Յակոբոս Տեառնեղբայրը եւ Քրիստոսի Խաչը միւս խաչերուն հետ կը թաղեն Գողգոթայի մօտ վայր մը, վրան աղբ կը կուտակեն, վայրը վերածելով աղբանոցի:

313 թ. Կոստանդիանոս Մեծ կայսեր (305-337 թթ.) Միլանի հրովարտակով՝ քրիստոնէութիւնը կը ստանայ ազատօրէն դաւանուելու հնարաւորութիւն: Կայսեր մայրը` Հեղինէն, 327 թ. կու գայ Երուսաղէմ, եւ մեծ ջանքեր կը գործադրէ գտնելու համար Քրիստոսի Խաչը:

Միայն Յուդա անունով հրեայ մը, իր նախնիքներուն գրաւոր աւանդութիւններէն գիտէր խաչերու թաղման վայրը: Սկիզբը ընդդիմանալով ու վեց օր ցամաքած ջրհորի յատակին մէջ քաղցած մնալէն յետոյ, ան ի վերջոյ, ցույց կու տայ խաչերու թաղման տեղը: Փորելով` զանոնք կը հանեն աղբի տակէն, հոն կը գտնուի նոյնիսկ Պիղատոսի հրամանով Յիսուսի գլխավերեւի ամրացուած եռալեզու տախտակը, որ սակայն պոկուած էր խաչէն:
Եւ նորէն Քրիստոսի Խաչը կ'որոշուի կատարուած հրաշքի շնորհիւ. երբ խաչափայտի հպումէն կը կենդանանայ մեռած պատանի մը, իսկ իր հիւանդութիւններէն կը բժշկուի մահամերձ կին մը: Այդ հրաշքներու ազդեցութեամբ, շատեր քրիստոնէութիւնը կ'ընդունին, որոնց շարքին էր Յուդան, որ հետագային կը նահատակուի Քրիստոսի անուան համար: Հեղինէ թագուհիին կողմէ 335 թ. Գողգոթային վրայ կը կառուցուի Սուրբ Յարութեան տաճարը, ուր հանդիսաւորապէս կը զետեղուի Քրիստոսի Խաչը` փառաւորուելով արդեն երկրորդ անգամ: Փրկչական Խաչի գիւտի յիշատակը Հայաստանեայց Սուրբ Եկեղեցին կը տօնէ Հոկտեմբեր 26-ին մերձակայ կիրակի օրը:








All the contents on this site are copyrighted ©.