2015-10-23 09:26:00

Քաղդէացի Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսը Հռոմի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 24 հոկտեմբերիկն Հռոմի մէջ սկիզբ կ՛առնէ Քաղդէացի եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն  Միջին Արեւելքէն ու սփիւռքէն ժամանած 21 եպիսկոպոսներ եւ որ պիտի եզրափակուի յառաջիկայ 29 հոկտեմբերին։

Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը նախապէս սահմանուած էր գումարուիլ 22 Սեպտեմբեր 2015-ին, Իրաքի Էրպիլ քաղաքին մէջ, ուր այսօր` ՏԱՀԵՇի վայրագութիւններէն խուսափելով, կ՛ապրին Իրաքի քրիստոնեաներու մեծամասնութիւնը, սակայնի զինեալ ընդհարումի պատճառաւ Քաղդէացի Եկեղեցին նախընտրեց Յաւիտենական Քաղաքին մէջ գումարել Սիւնհոդոսը, յատկապէս դիւրացնելու համար ԱՄՆէն, Գանատայէն ու Աւստրալիայէն եկած եպիսկոպոսներու ճամբորդութիւնը։

Սիւնհոդոսը կը նախագահէ Գերերջանիկ Լուիս Ռաֆայել Սաքոն, որ արդէն Հռոմ կը գտնուի Վատիկանի մէջ գումարուած Ընտանիքի մասին  եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին առթիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.