2015-10-22 14:03:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 22 հոկտեմբերի քարոզը՝ Սուրբ հոգիին ներգործութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 22 հոկտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկսո Սրբազան Քանայայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցեց Սուրբ Պատարագի զոհը։

Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը խօսքը կեդրոնացուց Սուրբ Հոգւոյն վրայ յարելով թէ ''մեր ամբողջ հոգիով, բաց սրտով, համայն մարմնով եւ էութեամբ, ամենօրեայ աշխատանքը Տիրոջ ծառայութեան մէջ, մեզի կը բանայ Սուրբ Հոգիին տանող դուռը։  Սուրբ Հոգին է որ մուտք կը գործէ մեր կեանքին մէջ եւ մեզ կը փրկէ։ Ան Յիսուս Քրիստոսի Պարգեւն է։

Ֆրանչիսկոս Պապ, ապա մատնանշեց ծանր հիւանդութենէ տառապող  ընտանիքի մօր մը հետ վերջերս ունեցած իր  հանդիպումին  յայտնելով թէ ''հիւանդ մայրը իր հետ վարուած էր  կարծես թէ առողջ եւ երջանիկ ըլլար'' ու թէ իրեն ըսած է  ''Վարդապետ` ամէն ջանք կը թափեմ յաղթահարելու համար հիւանդութինը''։ Այպէս ըլլալու է Քրիստոնեան, ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապ։ Մենք որ Յիսուս Քրիստոսէն ստացանք շնորհքը, մեղքի ու անիրաւ կեանքէն անցնելու դէպի Քրիստոսի պարգեւած կեանք, Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեամբ, պէտք են նմանիլ Հիւանդ մօր` ամէն օր առ աւելի։ ։

 

Քարոզի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ Տիրոջմէ Խնդրեց բարիացակամ ըլլալու շնորհքը` բարիացակամ հանդիպումի նկատմամբ` որովհետեւ ընկալեցինք արդարացումի ընծան՝ շնորհքի պարգեւը եւ Սուրբ Հոգիին պարգեւը Յիսուս Քրիստոսի մէջ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.