2015-10-22 12:19:00

Սուրիոյ քրիստոնեաները կը յուսան որ վերջ գտնէ Հալէպի շրջափակումը ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Կառավարութեան հսկողութեան ներքեւ գտնուող թաղամասերու բնակիչները այդ նախազգացումը ունին որ Հալէպի շրջափակումը վերջ գտնուելու վրայ է'' յայտնած է Բիւրիոյ հայ կաթողիկէ առաջնորդը` գերապայծառ Միրիաթեան` ֆիտես լրատու գործակալութեան հետ ունեցած ելոյթով, յարելով որ ''ամէնուն յայտնի է քաղաք-աշխարհագրական ռազմավարութիւնը''։

Աշխարհի հզօր ոյժերը համագործակցելով շրջանի ոյժերուն հետ պատերազմ կը մղեն Սուրիոյ հողին վրայ'' ըսած է ի կարգին Հալէպի Լատիններու առաջնորդը` գերապայծառ Ապու Խազեն մեղադրելով Արեւմուտքը ու մատնանշելով թէ ընդդիմադիրներու շարքերուն մէջ չկան չափաւորականներ։

''Ռուսիոյ զինեալ միջամտութիւնը շատ ազդու է ՏԱՀԵՇի դէմ։ Արեւմուտքը կը ձեւացնէ ռմբակոծել ՏԱՀԵՇը սակայն կ'օգնէ Ալ-նուսրա շարժումին. որուն ռազմիկներուն 80 տոկոսը օտարներ են'' յայտնած է Լատիններու առաջնորդը մատնանշելով  որ ''Սաուտ Արաբիան մտադիր է նոր զէնք ուղարկել ահաբեկիչներուն դիմադրելու համար Սուրիոյ բանակի յառաջացումին''։

Դամասկոսի ս. Պօղոս վանքին ժողովրդապետը հայր Ճիրճըս` ապա յայտնած է թէ ''ելեկտրականութեան սպասելով կը շարունակենք ապրիլ խաւարին մէջ իսլամներու հետ միասին։ Քրիստոնեաներն ու մահմետականները միշտ իրարու հետ խաղաղ ու համերաշխ ապրած են''։

Գերապայծառ Միրիաթեան կը զգուշացնէ կարգ մը եկեղեցականներու այն անխոհեմ յայտարարութենէն  ըստ որու կը գտնուինք կրօնական պատերազմի մէջ, որակելով Ռուսիոյ զինեալ միջամտութիւնը որպէս կրօնական պատերազմ, ինչպէս նախապէս կարգ մը ամերիկեան թերթերը որակած էին Ամերիկեան զինեալ միջամտութիւնը Իրաքի մէջ։ ''Իրականութիւնը այն է. միջամտողները միշտ հետամուտ են իրենց շահերուն'' ըսած է գերապայծառ Միրիաթեան։     

 








All the contents on this site are copyrighted ©.