2015-10-22 11:37:00

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի՝ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդպետ


Գրիգոր Նարեկացիի Հաւատքը  (Դ)

“Չարչարեալ, խաչեալ, թաղեալ յերրորդ աւուր յարուցեալ, ելեալ ի յերկինս նովին մարմնով՝ նստաւ ընդ աջմէ Հօր։ Գալոց է նովին մարմնովն և փառօք Հօր ի դատել զկենդանիս և զմեռեալս, որոյ թագաւորութեանն ո՛չ գոյ վախճան”։

“Չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ, թաղուեցաւ, երրորդ օրը յարութիւն առաւ, նոյն մարմնով բարձրացաւ երկինք, նստաւ Հօր աջ կողմը։ Պիտի գայ նոյն մարմնով եւ Հօր փառքով՝ դատելու ողջերը եւ մահացեալները։ Անոր թագաւորութիւնը վախճան չունի”։

Յետադարձ ակնարկ մը նետելով, կը տեսնենք, թէ Եկեղեցւոյ Հայրերը ընդունած են հաւատամքի բանաձեւեր՝ յստակելու համար հաւատքի ճշմարտութիւնները, կանխարգիլելու սխալ վարդապետութիւններ եւ մերժելու հերետիկոսութիւններու պատճառաւ երեւան եկած խոտոր ուսուցմունքներ։ Քրիստոսաբանական վարդապետութեան մէջ հերետիկոսներ ունեցած են զանազան վարկածներ, հաստատելով՝ թէ «Յիսուս երեւութապէս չարչարուեցաւ, որովհետեւ Աստուած չի չարչարուիր։ Յիսուս Աստուծոյ Որդի չէ, այլ իր մկրտութեան ժամանակ Աստուծմէ որդեգրուած է։ Յիսուս միայն երեւութապէս մարդ էր։ Աստուած մէկ անձ է, որ մարդկային պատմութեան մէջ երեք տարբեր ձեւերով յայտնուած է՝ Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի։ Յիսուս չէ որ չարչարուեցաւ այլ ուրիշ անձ մը, մինչ Յիսուս փախուստ տուած էր։ Յիսուս յարութիւն չէ առած, որովհետեւ չէր մեռած։ Վերջին դատաստան չկայ, որովհետեւ մահէն վերջ կեանք չկայ»։ Այսպիսի հերետիկոսութիւններ երեւան եկած են, եւ ունեցած են իրենց հետեւորդները։

Այսօր ալ կը տեսնենք հերիւրածոյ վարկածներ, ուր մարդիկ կը պնդեն կամ կը հաւատան, թէ Քրիստոս Աստուած չէ, կամ չէ խաչուած, այլ ունեցած է երկար կեանք եւ ամուսնացած ու զաւակներ ունեցած է։ Շատ մարդիկ կը հետեւին անոնց, կը խանդավառուին անոնցմով՝ անտեսելով այսօր եւս հաւատացող միլիոնաւոր անհատներու իմացականութիւնը, ճանաչողական կարողութիւնները եւ ըմբռնողութիւնը։ Մարդիկ կը նախընտրեն հաւատալ այսպիսի հերիւրանքներու քան ճշմարիտ վարդապետութեան։ Ճշմարիտ հաւատքի տեղ կը ստեղծեն հազար ու մէկ աստուածութիւններ, որպէսզի լեցնեն իրենց սրտի դատարկութիւնը եւ լռեցնեն իրենց խղճին ձայնը։

Յիսուսի Քրիստոսի մարդեղութեան, չարչարանքներու եւ յարութեան հաւատքը քրիստոնեաներու կենդրոնական հաւատալիքներէն են։ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի մեկնելով Հաւատամքի յիշեալ տողերը կը գրէ՝

«Նոյն ինքը, կամաւոր կերպով եկաւ, խաչի վրայ մեռնելու,

անարատ գառնուկի նման, որ սպանդանոց կը տարուի

եւ հզօր ինքնակամութեամբ,

իր արարածներու փրկութիւնը կատարեց՝

իսկապէս չարչարուելով իր կենդանի էութեամբ։

Գերեզմանի մէջ դրուեցաւ, առանց իր աստուածութենէն զատուելու.

եւ եռօրեայ թաղումով՝

ստորերկրեայ դժողքի մէջ վհատեալ բանտարկեալներուն քարոզեց՝

ցոյց տալով անոնց նորոգումը եւ լոյսը։

Աւարտելով իր մարդեղութեան փրկարար տնտեսութիւնը,

աստուածօրէն կրկին կեանքի վերադարձաւ,

եւ ընթացաւ հովերու թեւերուն վրայ,

եւ քերովբէներով բարձրանալով՝

ծածկուեցաւ անհասկնալի ամպով։

Համբառնալով երկինքն ի վեր,

ճոխութեամբ բազմեցաւ իր անձնական աթոռին վրայ,

զոր սկիզբէն ժառանգած էր՝ Հօր հետ հաւասարութեամբ,

եւ որմէ երբէք չբաժնուեցաւ՝

իր սեփականութիւնը չկորսնցնելով,

իր սեփականութենէն չնուազելով։

Ան պիտի գայ դատաստանի հատուցման՝

գաղտնիքները քննելու եւ արդար իրաւունքի չափով կշռելու։

Ասոր կը սպասենք, եւ ասոր համար կ՝աղօթենք,

հաւատալով ամէն ինչի մէջ եւ ամէն ինչով՝

Անոր ամենակալ տէրութեան,

որ արդարեւ մէկն է այն մի միակէն՝

եւ միակի փառակցութեամբ յաւիտեան երկրպագեալ»։








All the contents on this site are copyrighted ©.