2015-10-22 10:27:00

Հոկտեմբեր 22-ին կը նշուի Վատիկանի Հեռուստակայանը (CTV) հիմնադրութեան 32 ամեակը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 22 հոկտեմբեր 2015-ին, Վատիկանի Հեռուստակայանը կը տօնախմբէ իր հիմնադրութեան 32 ամեակը։  Հեռուստակայանը  հիմնուած է Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կողմէ 1983 թուականին, որպէս կէտնպատակ ունենալով ''Աւետարանի տիեզերական քարոզութիւնը, պատկերասփռելով Քահանայապետի հովուական առաքելութեան գործունէութիւնները եւ Սուրբ Աթոռի գործունէութիւնը'' 
ՅՊԲ-ի երբեմնի քարտուղար եւ Քրաքովիայի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Սթանզլաւ Ճիվիչ այս մասին կը յիշէ` ''Վատիկանի Ռատիոկայանի 50-րդ յոբելեանի նշումի օրերն էին երբ Քահանայապետը (ՅՊԲ) որ ընկերային հաղորդամիջոցներու եւ աշխարհի հանդէպ բաց տեսութիւն մը ունէր, մտածեց թէ Ռատիոն այլեւս բաւարար չէր եւ թէ մարդիկը ''պատկեր'' տեսնելու կարիքն ալ ունէին ու այսպէսով որոշեց հիմնել ''հեռուստակայանի կեդրոնը''։ 
Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը Վատիկանի հեռուստատեսիլը հաստատելով կը մտէր նպաստել Եկեղեցւոյ տիեզերական առաքելութեան, պատկերին միջոցաւ այսօրուայ աշխարհին ներկայացնելու Եկեղեցւոյ կեանքը, ուսուցումն ու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխատելու մարդկային անհատի արժանաւորութեան, արդարութեան, երկխօսութեան ու խաղաղութեան ի սպաս։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.