2015-10-22 09:29:00

Հայաստան պատրաստ է մասնակցելու ՄԱԿի կառոյցներու աշխատանքներուն։


ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».-  ՄԱԿի հայաստանեան գրասենեակին մէջ 20 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Կարէն Նազարեանի հանդիպումը՝ Ազգային ՄԱԿի նախատիպի համաժողովի մասնակիցներուն հետ։ Հանդիպումին նպատակն էր Երեւանի մէջ կայանալիք կազմակերպութեան հիմնադրութեան 70ամեակին եւ ՄԱԿի Կայուն զարգացման նպատակներուն նուիրուած համաժողովին ընդառաջ ուսանող-պատուիրակներուն հետ քննարկել ՄԱԿի գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները, առանձնայատկութիւնները եւ ընթացակարգային ու բովանդակային հարցեր:

Հանդիպման ընթացքին Կարէն Նազարեանի կողմէ ներկայացուած է ՄԱԿի մէջ Հայաստանի առաջնահերթութիւնները, ան խօսած է միջազգային այդ կառոյցին մէջ Հայաստանի պատուիրակութիւններու ներգրաւուածութեան մասին:

Փոխնախարարը պատասխանած է հանդիպման մասնակիցներուն բազմաթիւ հարցումներուն՝ նշելով,  որ այսօր Հայաստան պատրաստ է աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու իր մասնակցութիւնը ՄԱԿի կառոյցներու աշխատանքներուն եւ՝ հիմնուելով անցած տարիներուն ձեռք բերուած դրական փորձառութեան վրայ, իր գործնական ներդրումը բերելու համաշխարհային գործընթացներուն՝ ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ու խրախուսման, միջազգային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան հաստատման գործընթացներուն:

Հանդիպման մասնակցած են նաեւ Հայաստանի մէջ ՄԱԿի մնայուն համակարգող եւ ՄԱԶԾ մնայուն ներկայացուցիչ Պրետլի Պուզեթօն, ՄԱԿի գրասենեակի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակիցներ եւ հայ ուսանողներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.