2015-10-22 12:15:00

Այսօր կը նշուի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի ծիսական տօնը


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 22 հոկտեմբերին, լատինաց ծէսի համաձայն կը նշուի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի ծիսական տօնը, որ Ֆրանչիսկսո Քահանայապետի կողմէ սուրբ հռչակուած է՝ Յովհաննէս ԻԳ քահանայապետի հետ միասին, 27 ապրիլ 2014-ին։

Արդէն վաղ առաւօտեան, հազարաւոր ուխտաւորներ ժամանած են Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ գտնուող Սուրբին դամբարանը՝ յարգանքի տուրք մատուցանելու ու Սուրբ Քահանայապետին բարեխօսութիւնը խնդրելու։

՝՝Քարոլ Ոթիլա՝՝ Քահանայապետը եղած է յատկապէս ''Ընտանիքի եւ երիտասարդներուն Քահանայապետ'' այնպէս ինչպէս զինք որակեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին։ Ան ապա ունեցած է յատուկ ջերմեռանդութիւնը հանդէպ Աստուածային Ողորմութեան։

Այս տօնախմբութեան ծիրէն ներս, Վատիկանի ռատիոկայանը զրոյց  մը ունեցած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոսի Բ սրբադասման դատի խնդրարկու` Գերապայծառ Սլավոմիր Օտերին հետ, որ զրոյցի ընթացքին  շեշտած է  Սուրբ ՅՊԲ քահանայապետի սրտի խօսող ու քաջալերանք հանդիսացող, անուանի ''Մի վախնաք` ձեր դռները բացէք Քրիստոսի'' յորդորին վրայ, որ եղաւ Ոթիլա Պապին Քահանայապետութեան ու կեանքի յատկանիշը, յայտնելով թէ այդ յորդորը ''ՅՊԲ կողմէ մեզի յանձնուած ժառանգութիւն մըն է'' որ յաճախակի յիշուած է նաեւ սրբադասման դատի ընթացքին։

Գերապայծառ Օտեր ապա անդրադարձած է  Սուրբ ՅՊԲ –ի եւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի միջեւ գոյութիւն ունեցող շարունակականութեան մասին, յայտնելով թէ ''Ողորմութիւնն ու ժողովուրդին հանդէպ սէրն'' են զանոնք միացնողը,  անոնք միշտ ներկայ գտնուած են ժողովուրդին մէջ, ոչ միայն գորով ցուցաբերելով, այլեւ ներկայանակով որպէս  Հայր։ Անոնց պատգամի սիրտը հետեւեալն է ''Մարդը կարիքը ունի Տիրոջ, կարիքն ունի Անոր ողորմութեան''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.