2015-10-21 11:26:00

Սիրեցէք ձեր թշնամիները. Խորհրդածութիւն


Լսեցիք թէ ըսուած է. պիտի սիրես ընկերդ եւ պիտի ատես թշնամիդ: Բայց  ես կ՛ըսեմ ձեզի, սիրեցէք ձեր թշնամիները, օրհնեցէք անոնք, որ ձեզ կ՛անիծեն, բարիք ըրէք անոնց, որ ձեզ կ՛ատեն, եւ աղօթեցէք անոնց համար, որ ձեզ կը լլկեն եւ կը հալածեն, որպէսզի ըլլաք որդիներ ձեր Հօր որ երկինքն է եւ իր արեգակը կը ծագեցնէ բարիներուն եւ չարերուն վրայ, եւ անձրեւ կը տեղացնէ արդարներուն եւ մեղաւորներուն վրայ: (Մատթ 5, 43-44)

Ժամանակին քաղցկեղի մասնագէտ բժիշկ մը կ՛ըսէր իր հիւանդին, եթէ կ՛ուզես ելլել գէշ հիւանդութենէդ, պէտք ես ընդունիլ եւ սիրել զայն հակառակ որ քու մարմնոյդ եւ կեանքիդ ամենամեծ թշնամին կը նկատուի քեզ համար:

Յիսուս իր առաքեալներուն սկիզբէն ուզեց հասկցնել այն հրեաներուն թէ եկած է զիրենք սիրելու հակառակ ամէն տեսակ թշնամական ոգիին որ ունէին իրեն հանդէպ:

Յիսուս չէր եկած Մովսէսի օրէնքը այսինքն Հին Կտակարանը ջնջելու, այլ լրացնելու, այսինքն զայն կատարելիութեան  հասցնելու: Աստուծոյ հետ Նոր Ուխտը՝ նախկին օրէնքէն անդին կ՛երթայ, մկրտութեամբ՝ նոր մարդիկը կը նկատէ որպէս որդեգրուած Յիսուսի զաւակներ:

Աշխարհ գալով, համայն մարդկութիւնը երկնային ընտանիքին մէջ կը մտցնէ վայելելու իր սէրը ու գուրգուրանքը: Աստուած մեզ կը դարձնէ որպէս այս ընտանիքին նոր անդամները, ուրեմն մարդիկը պարտաւոր են ունենալու «քշելու» նոր տետրակ մը որ զիրենք կը տանի կատարելիութեան ճանապարհին զոր Աստուած սկսած էր շնորհել Հին Ուխտին օրերէն: Այս անցքին մէջ օրինակը կը գտնենք Քրիստոսի բերած օրէնքին իրա-գործումին մէջ, այսինքն ողորմութեան եւ սիրոյ կատարելիութեան մէջ, երբ մենք սիրենք ոչ միայն այն մարդիկը որոնք մեզ կը սիրեն, այլ այն մարդիկն ալ որոնք գէշութիւն կ՛ընեն մեզի եւ որոնք մեր թշնամիները կը նկատուին:

Այս սիրոյ ապրելու ձեւը յստակ եւ աչքառու էր Քրիստոսի կեանքին ընթացքին, երբ ամէնուն սիրեց, ծառայեց, բժշկեց եւ ներեց, եւ մանաւանդ իր կեանքին վերջին օրերուն երբ կրեց ամենամեծ անարդարութիւնը խաչին դատապարտութիւնը, եւ մանաւանդ երբ վարուեցան իրեն հետ որպէս ոճրագործ, բիրտ եւ խստաշունչ կերպով: Հակառակ այս անէծքներուն, ան չ՛անիծեց այն մարդիկը որոնք անարդար ձեւով զինքը հասցուցին Խաչին, այլ հակառակը, իրենց համար աղօթեց ըսելով  «Տէր իմ, ներէ իրենց որով-հետեւ չեն գիտեր թէ ինչ կ՛ընեն»: Այո՛, ներեց փարիսեցիներուն եւ դպիրներուն որոնց ուղղեց ծանր խօսքեր մատնելով իրենց կեղծաւորութիւնը եւ շեղումը օրէնքէն:

Իսկական սէրը կը կայանայ ոչ միայն այն հաճելի արարքներուն մէջ որ կ՛ընենք մարդոց եւ բարեկամներուն, այլ այն կեցուածքներուն մէջ որոնց ընթացքին կը պաշտպանենք իրենց արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը մանաւանդ երբ կը գտնուին անարդար կեցուածքներու մէջ, թիրախ դառնալով կարգ մը ոխով եւ սխալ հիմներու վրայ դատողութեան մը առջեւ: Այս էր Քրիստոսի քաջութիւնը երբ առանց վախի պաշտպանեց ճշմարտութիւնը եւ սրբութիւնը տաճարին եւ բարի մարդոց, որովհետեւ կ՛ուզէր հրեաներուն սիրտը դարձի բերել: Հրեաները չուզեցին մտիկ ընել Քրիստոսի, եւ բուռն կերպով հակա-ռակ կեցան իրեն եւ իր ուսուցումներուն:

Ճշմարտութեան հաւատարիմ մնալը կը խանգարէ երբեմն սուտին եւ խաբէութեան մէջ մնացողները. այս ձեւով իրենց կը ներկայացնենք սիրոյ լաւագոյն պահերը, որովհետեւ մենք չենք դատապարտեր մարդիկը այլ իրենց սխալ եւ չար արարք-ները: Ատոր համար մենք ենք որ կը վճարենք գինը խաղաղութեան եւ սիրոյ... այս է նշանակութիւնը Յիսուսի խօսքին՝ «Սիրէ քու թշնամի»դ:

Ո՜վ Տէր իմ, կը խնդրես ինձմէ դժուար բան մը՝ «Սիրէ քու թշնամիդ». Դիւրին չեն այս խօսքերը, դուն զայն ապրեցար բոլորս սիրելով, մեզի հետ մնացիր որպէսզի դիւրին ըլլայ մեր կեանքը: Լեցուր մեր սրտերը սիրով եւ ողորմութեամբ որպէսզի մենք ալ գթասէր ըլլանք: Ամէն:

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան    








All the contents on this site are copyrighted ©.