2015-10-21 12:42:00

Ասատ եւ Փութին Մոսկուայի մէջ քննարկած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարի յետագայ քայլերը։


Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Մոսկուայի մէջ Հոկտեմբեր 20-­ին հանդիպած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-­ը, վկայակոչելով սուրիական ՍԱՆԱ գործակալութիւնը, երկու նախագահները քննարկած են Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ ռազմական գործողութիւններու շարունակութեան վերաբերեալ հարցեր:

Սուրիոյ նախագահ Ասատ Վլատիմիր Փութինին ներկայացուցած է երկրի իրավիճակը, ինչպէս նաեւ սուրիական բանակի ծրագիրները եւ ռազմական գործողութիւններու ընթացքը: Ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է ռազմական օգնութեան համար:

Ռուսիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փէսքով նշած է, որ աշխատանքային այցով Մոսկուա գտնուող Սուրիոյ նախագահը երկարատեւ բանակցութիւններ վարած է Վլատիմիր Փութինի հետ: Բանակցութիւնները ընթացած են նեղ եւ ընդլայնուած կազմերով, մասնակցած են Ռուսիոյ ղեկավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

Ռուսիան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի խնդրանքով Սեպտեմբեր 30-­ին սկսած է հարուածել «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան դիրքերը: Ահաբեկիչներու դէմ ռազմական գործողութիւններուն մէջ ներառուած են աւելի քան 50 օդանաւեր ու ուղղաթիռներ: Բացի այդ, ահաբեկիչներու դիրքերը հրթիռակոծուած են նաեւ ծովէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.