2015-10-20 09:47:00

Քերրի յառաջիկայ օրերուն հանդիպումներ պիտի ունենայ Սուրիոյ տագնապին լուծման շուրջ։


 

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Սպանիոյ  արտաքին գործոց նախարար Խոսէ Մանուէլ Կարսիա-Մարկալիոյի հետ Մատրիտի մէջ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է, որ յառաջիկայ օրերուն հանդիպում պիտի ունենայ Ռուսիոյ, Սէուտական Արաբիոյ, Թուրքիոյ եւ Յորդանանի իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ` քննարկելու համար Սուրիոյ ճգնաժամը:

Ըստ Քերրիի, Ուաշինկթըն կը ձգտի այդ ձեւով Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում գտնել: «Ես համաձայնութիւններ պիտի փնտռեմ Ռուսիոյ, Սէուտական Արաբիոյ, Յորդանանի, Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու ղեկավարներուն հետ», նշած է ան:

Քերրի յայտարարած է, որ իր երկիրը յոյս ունի խուսափիլ «Սուրիոյ լիակատար ոչնչացումէն»: Ըստ անոր, «անհրաժեշտ է հասկնալ, թէ Սուրիոյ տագնապին լուծման ինչ տարբերակներ» կը մնան:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նշած է, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին ցուցաբերուած Ռուսիոյ աջակցութիւնը Սուրիոյ տագնապը պիտի բարդացնէ:

Դիւանագիտական լաւատեղեակ աղբիւր մը ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարները մօտ օրէն կրնան հանդիպում մը ունենալ Վիեննայի մէջ:

Քերրի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նաեւ անդրադարձած է պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին վերջին զարգացումներուն եւ նշած. «Իսրայէլ ամբողջովին իրաւունք ունի իր քաղաքացիները բռնարարքներէն պաշտպանելու»:

«Պաղեստինցիներուն եւ իսրայէլացիներուն հետ իմ հանդիպումներէս յատուկ սպասումներ չկան», ըսաւ ան` նշելով. «Իսրայէլ յստակ դարձուց, որ Աքսայի մզկիթին մէջ ներկայ կացութիւնը չ՛ուզեր փոփոխութեան ենթարկել»:








All the contents on this site are copyrighted ©.