2015-10-19 09:35:00

Մոսկուա Արցախի տագնապի կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ հրաժարելու ուժի կիրարկումէն։


Tert.am կը հաղորդէ, որ Մոսկուա Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերուն կոչ ուղղած է հրաժարելու ուժի կիրարկումէն եւ քաղաքական կամք դրսեւորելու` փոխըմբռնման հասնելու համար: Այդ մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա, ըստ «Ռիա Նովոսթի» գործակալութեան:

«Ցաւօք, քաղաքական երկխօսութեան վերսկսումը կը դժուարանայ` տագնապի գօտիին վրայ իրավիճակի սրման պատճառով, զոհերու թիւին աճով, զոհեր` նաեւ խաղաղ բնակիչներէն: Մենք կը կարծենք, որ տագնապին հետագայ սրումը անթոյլատրելի է: Մենք կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք ջանք թափելու ու քաղաքական կամք դրսեւորելու` անհրաժեշտ փոխըմբռնումի հասնելու համար», ըսած է ան:

Զախարովայի խօսքով` Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը մանրամասնօրէն քննարկուած է այս տարուան ապրիլ-մայիսին, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն Մոսկուա կատարած այցելութիւններուն ընթացքին:

«Անիկա կը հանդիսանայ Սերկէյ Լաւրովի եւ անոր արտերկրեայ գործընկերներուն շփման նիւթերէն մէկը: Մենք կ՛աշխատինք այդ ուղղութեամբ եւ սերտօրէն կը համագործակցինք Միացեալ Նահանգներու ու Ֆրանսայի հետ: Վերջերս, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 70-րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը հանդիպած է ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն հետ եւ քննարկած տագնապին լուծման, ինչպէս նաեւ այս ամիս համանախագահներուն` շրջան այցելութեան առնչուող հարցեր», ըսած է ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.