2015-10-19 09:12:00

Հռոմի մէջ Քրիստոնեաներու ցեղասպանութեան եւ ծայրայեղականութեան վտանգի մասին կլոր սեղան։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 19 հոկտեմբեր 2015-ի յետմիջօրէին` իտալական խորհրդարանի մէկ սրահին մէջ, նախաձեռնութեամբ ''Umanitaria Padana Onlus'' բարեսիրական մարմնին եւ Իտալիոյ փաքիստանի քրիստոնեաներու ընկերակցութեան եւ մասնակցութեամբ  իտալացի ազգային ժողովի անդամներուն տեղի կ՛ունենայ ''Քրիստոնեաներու ցեղասպանութիւնը։ Ժիհատը` արեւելքէն մինչեւ մեր տունը'' նիւթով խորհրդաժողով որուն աւարտին նախատեսուած Արեւելեան ծէսով Սուրբ Պատարագ Սանթա Մարիա Տէլլա Քոնչեցիոնէ եկեղեցւոյ մէջ։

Խորհրդաժողովին նպատակն է ձայն տալ Արեւելքի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն եւ միաժամանակ խորհրդածել ծայրայեղ մահմետականներու ներկայութեան ու սպառնալիքի մասին նաեւ Արեւմուտքին մէջ։

Խորհրդաժողովի ընթացքին կազմակերպուած են երեք կլոր սեղաններ. Առաջինը յատկացուած մամուլի ու լրատուամիջոցներու գործիչներուն որոնք պիտի անդրադառնան ''լուրեր, վերլուծումներ եւ զգացումներ'' նիւթին շուրջ։ Երկրորդին մէջ ձայն պիտի տրուի ''հալածուածներուն'' ու ասոնց շարքին ելոյթ կ՛ունենան Մելքիթներու Յոյն կաթողիկէ Պատրիարք` գերերջանիկ Գրիգոր Գ Լահհամ, Քաղդէացիներու Պատրիարք գերերջանիկ Լուիս Ռաֆայել Սաքօ , Ասորիներու Պատրիարք գերերջանիկ Ինքնատիոս Եուսէֆ Եունան. Ֆայսալապատի եպիսկոպոս` գերապայծառ Ժոզէֆ Արշատ եւ Մոկատիշի առաքելական հոգաբարձու գերապայծառ Ճորճօ Պերթին ինչպէս նաեւ հայր Թովմա Խաչատրեան Իտալիոյ առաքելական եկեղեցւոյ պատասխանատու։

Երրորդ կլոր սեղանին կը մասնակցին իտալացի ազգային ժողովի անդամներ ու քաղաքագէտներ վերլուծում կատարելու իսլամական ծայրայեղութեան վտանգի մասին­։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.