2015-10-19 08:40:00

Եգիպտոսի մէջ Լիպիոյ մէջ գլխատուած ղպտի նահատակներուն նուիրուած նոր եկեղեցի։


(Ռատիօ Վատիկան) Եգիպտոսի քրիստոնեաները ողջունած են եգոպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Ալ Սիսի-ի ձեռնարկը, եկեղեցի մը կառուցելու ի պատիւ 2015-ի փետրուարին, Լիպիոյ ահաբեկիչներէն գլխատուած 21 ղպտիներու նահատակներուն։

Եկեղեցւոյ շինութիւնը, որ արդեն սկսած է, պիտի արժէ շուրջ 1,3 միլիոն տոլար որուն կէսը արդէն իսկ հաւաքուած է։ Եկեղեցին կը կառուցուի Մինէ մարզի Սամալութ շրջանին մէջ, գլխատուած նահատակներու ծննդավայրը։ 

Ղպտի կաթողիկէ եկեղեցւոյ բանբերը Հայր Ռաֆիք Կրէյք-ի համար նախագահի այս նախաձեռնութիւնը քաջալերիչ է, ան համոզուած է որ երկրի կառավարութիւնը վերջ կ՛ուզէ տալ քրիստոնեաներու դէմ խտրականութեան եւ անոնց հետ աւելի սիրով վարուելու։

Նախագահ Սիսի քաջալերած է քրիստոնեաները մասնակցելու երկրի քաղաքական կեանքին, ընտրութիւններուն ներկայացնելով իրենց թեկնածուները, հզօրացնելու իրենց ներկայութիւնը ազգային ժողովին մէջ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.