2015-10-17 12:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը ''եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի'' հիմնադրութեան 50 ամեակին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 17 հոկտեմբեր 2015-ին,  Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ կայացած ''Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի'' հիմնարկութեան 50-րդ ամեակի տօնախմբութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը իր եզրափակիչ պատգամը ուղղեց ներկաներուն, որուն սկիզբը գոհունակութիւն յայտնեց Տիրոջ` Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովէն ասդին փորձարկած ըլլալու համար ''միասին քալելու''  գեղեցկութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը ապա ողջունեց Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղար` Կարդինալ Պալտիսսերրին ու եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի քարտուղարական անձնակազմը, ինչպէս նաեւ սիւնհոդոսական հայրերը, շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ու յիշելով եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի նախկին քարտուղարները որոնք սատարեցին սիւնհոդոսական նիստերու յաջողութեան։

Սրբազան Հայրը ապա յայտնեց թէ Հռոմի Եպիսկոպոս ընտրուելուն առաջին օրէն իսկ ուզեց արժէքաւորել Սիւնհոդոսը որ` Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովէն փոխանցուած թանկարժէք ժառանգութիւն մըն է, ապա մէջբերեց իր նախորդներուն` Երանելի Պօղոս Զ, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետերու`  սիւնհոդոսի գործընթացի ու անոր կատարելագործումի մասին արտայայտութիւնները,  հաստատելով թէ պէտք է շարունակել այդ ճանապարհը ու Եկեղեցին դիմագրաւելու է երրորդ հազարամեայի մարտահրաւէրը։

Տէրը մեզմէ այս կը խնդրէ, ըսաւ Քահանայապետը, միասին քալել, աշխարհականներ, Հովիւներ եւ Հռոմի եպիսկոպոսը` ի սպաս Աստուծոյ ժողովուրդին, որուն ամէն մէկ անդամ Սուրբ Մկրտութեան շնորհիւ` աւետարանութեան գործօն ենթակայ է։  Այս մէկն է` ըսաւ Նորին Սրբութիւնը,  որ իմ մէջս ամրապնդեց համոզումը խորհրդակցելու Աստուծոյ Ժողովուրդին հետ, ընտանիքի մասին գումարուած սիւնհոդոսի վերաբերեալ, որովհետեւ կարելի չէ խօսիլ ընտանիքի մասին առանց ընտանիքին կարծիքը առնելու ու առանց հասկնալու անոնց ուրախութիւններն ու յոյսերը, ցաւերն ու մտահոգութիւնները...

Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի ուղեւորութիւնը, ըսաւ ապա Քահանայապետը, սկիզբ կ՛առնէ մտիկ ընելով Աստուծոյ ժողովուրդը, ապա ունկնդրելով հովիւները հուսկ Սիւնհոդոսական հայրերը կը գործեն որպէս իսկական պահապաններ, թարգմաններ եւ վկաներ` համայն Եկեղեցւոյ հաւատքին, ոչ թէ անձնական համոզումներու հիման վրայ այլ` Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ։ 

Սրբազան Հայրը ապա անդրադարձաւ Սիւնհոդոսականութեան մասին որպէս Եկեղեցւոյ բաղադրական չափանիշ։ ''Եկեղեցին եւ Սիւնհոդոսը հոմանիշներ են'' ինչպէս կ՛ըսէ Յովհաննէս Ոսկեբերանը, որովհետեւ Եկեղեցին ուրիշ բան չէ եթէ ոչ միասին ընդանալ Աստուծոյ Հօտին հետ, միասին` դէպի Քրիստոս առաջնորդող պատմութեան ուղիին վրայ։

Յիսուս` Եկեղեցին հիմնեց անոր գլուխը դնելով առաքելական դասը` որուն մէջ Պետրոս ժայռն է` Ան որ իր եղբայրները պէտք է հաստատէ հաւատքին մէջ, սակայն այս Եկեղեցւոյ մէջ գլուխը կը գտնուի ''Բուրգի- Փիրամիտի'' յատակը, ու անոնք որոնք իշխանութեան գլուխն են կանչուած են ծառայելու Աստուծոյ ժողովրդին որպէս այլ ոմն Քրիստոսներ` որ վերջին ընթրիքի պահուն խոնարհեցաւ եւ լուաց իր աշակերտներուն ոտքերը։ Մինչ Պետրոսի յաջորդը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ Աստուծոյ` ծառաներուն ծառան։

Երբեք չմոռնանք աս մէկը - շեշտեց Սրբազան Պապը` ''Յիսուսի աշակերտներուն համար միակ իշխանութիւնը ծառայութեան իշխանութիւնն է եւ միակ հեղինակութիւնը խաչին հեղինակութիւնն է'', Ան ապա անդրադարձաւ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի ու եպիսկոպոսներու եւ իւրայատուկ եկեղեցիներու ու քահանայապետին միջեւ  հաղորդութեան մասին ու եկեղեցական կառոյցի մասին որուն եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսը կը յատկանշէ Եկեղեցւոյ տիեզերականութիւնը։

Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց Սիւնհոդոսի առաքելութեան ու յանձնառումին ի սպաս Եկեղեցւոյ կառուցումին եւ համամիութեան ու այս առընչութեամբ անդրադարձ կատարեց Պետրոսի Առաջնութեան հարցին մասին` հաստատելով թէ Քահանայապետը Սիւնհոդոսական Եկեղեցւոյ մը մէջ բոլորէն վեր չէ, Եկեղեցիէն վեր չէ` այլ անոր մէջ մկրտուած մըն է մկրտեալներու միջեւ եւ եպիսկոպոսական դասին մէջ եպիսկոպոս եպիսկոպոսներուն մէջ,  միաժամանակ կոչուած`որպէս Պետրոսի յաջորդ, առաջնորդելու Հռոմի Եկեղեցին` զոր սիրոյ մէջ կը գլխաւորէ  Եկեղեցիները։

Նորին Սրբութիւնը խօսքը եզրափակեց ըսելով ''Որպէս Եկեղեցի որ մարդոց հետ միասին կը քալէ, մասնակից պատմութեան դժուարութիւններուն, կը մշակենք երազանքը որ ժողովուրդներու անքակտելի արժանաւորութեան եւ իշխանութիւններու ծառայական գործառոյթը` օգնեն քաղաքացիական հասարակութեան` կառուցելու համար արդարութեան եւ եղբայրութեան մէջ, աւելի գեղեցիկ ու մարդու արժանավայել աշխարհ մը`ի սպաս եկող սերունդներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.