2015-10-17 09:07:00

Փորթուկալի մէջ կաթողիկէ 50 հաստատութիւններ գաղթականներ պիտի ընդունին։


(Ռատիօ Վատիկան)  Փորթուկալական 115 կաթողիկէ հաստատութիւններէն 50-ը իրենց տրամադրութիւնը յայտնած են գաղթականներ ընդունելու։ Անոնց շարքին են փորթուկալի Քարիթասը, կրօնական միաբանութիւններ, ժողովրդապետական ընկերային կեդրոններ  ու կաթողիկէ եկեղեցւոյ  դպրոցներ եւ ընկերակցութիւններ։ Առաջին հերթին կաթողիկէ եկեղեցին պիտի ընդունի 85 ընտանիքներ, ապա յաջորդաբար ընտանիքներու թիւը պիտի հասնի 135-ի։  








All the contents on this site are copyrighted ©.