2015-10-17 08:54:00

Մէկ միլիոն մանուկներու աղօթքը աշխարհի խաղաղութեան համար


(Ռատիօ Վատիկան)Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական մարմինը տասնեակ տարիներէ ի վեր  կը կազմակերպէ Մանուկներու  վարդարանի աղօթի օր, ի սպաս աշխարհի խաղաղութեան։

Այս տարի  ձեռնակը տեղի կ՝ունենայ  18 հոկտեմբերին, աշխարհի մէջ տարածուած կազմակերպութեան 21 կեդրոններու մէջ, որուն հրաւիրուած են աշխարհի բոլոր մանուկները։

Յայտնենք, թէ ՝՝Մէկ միլիոն մանուկներ աղօթք կը կատարեն՝՝ վերտառութեամբ ձեռնակը , ծնունդ առած է 2005ին, Վենեզուելլայի Քարաքաս քաղաքին մէջ, մինչ՝ խումբ մը մանուկներ եւ կիներ միասին հաւաքուած աղօթք կը կատարէին, իրենց մէջ զգացին Տիրամօր ներկայութիւնը։ Աղօթքի մասնակցող կիներէն մին վերյիշեց Հայր Փիոյի կատարած  խոստումներէն մին, եթէ՝ մէկ միլիոն մանուկներ միասնաբար աղօթեն Վարդարանի աղօթքը՝ աշխարհը պիտի փոխուի։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.