2015-10-17 08:47:00

Համաշխարհային Դրամատան ելեւմտական օժանդակութիւնը Սուրիոյ դրացի երկիրներուն։


«Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Համաշխարհային դրամատունը կը պատրաստուի ելեւմտական օժանդակութիւն տրամադրելու Սուրիոյ դրացի երկիրներուն, ուր ապաստանած են սուրիացի տեղահանուածները: Առաջին օգնութիւն ստացողները պիտի ըլլան Լիբանանն ու Յորդանանը:

Դրամատունէն յայտնած են, որ անհրաժեշտ միջոցները կրնան ներգրաւել Արաբական ծոցի երկիրներէն, որոշ պետութիւններ արդէն համաձայնած են աջակցութիւն տրամադրել:

Կը նշուի, որ ներկայիս սուրիացի տեղահանուածները կը կազմեն Լիբանանի բնակչութեան մինչեւ 30 առ հարիւրը եւ Յորդանանի բնակչութեան 20 առ հարիւրը:

Սուրիայէն տեղահանուածներուն մեծագոյն թիւը կը գտնուի Թուրքիոյ մէջ, սակայն Լիբանանի եւ Յորդանանի տնտեսութիւններուն համար տեղահանուածներու հիւրընկալումը արդէն անյաղթահարելի բեռ դարձած է:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Եւրոպական Միութիւնը կրնայ 3 միլիառ եւրօ տրամադրել տեղահանուածներու հարցին մէջ Թուրքիոյ աջակցելու համար: Թուրքիան արդէն այդ հարցին համար շուրջ 7 միլիառ եւրօ ծախսած է:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու յայտնեց. «Կը սխալին անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ Եւրոպական Միութենէն դրամ ստանալուն փոխարէն` Թուրքիան տեղահանուածները իր հողերուն վրայ պիտի պահէ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.