2015-10-17 09:51:00

Կարդինալ Պալտիսերիի ելոյթը եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի 50-րդ տարեդարձի առթիւ


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 17 հոկտեմբեր 2015-ին,  Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ժամը 9,00 - 12,30, Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ, Սիւնհոդոսական հայրերու մասնակցութեամբ եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ, նշուեցաւ ''Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի'' հիմնարկութեան 50-րդ ամեակը որ հաստատուած է Երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետին հրատարակած ''Apostolica Sollicitudo'' ինքնագիր նամակով` 15 սեպտեմբեր 1965-ին։

Վերոնշեալ յոբելինական տօնախմբութեան բացումը կատարեց  Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի ընդհանուր Քարտուղար կարդինալ Լորէնցօ Պալտիսերրի, որ իր բացման խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց իր նախորդներուն, ապա ներկայացուց սիւնհոդոսական նիստերու պատմականը անոր հիմնարկութենէն մինչեւ օրս։ Կարդինալ Պալտիսերրի նշեց ,թէ մինչեւ օրս գումարուած են 27 սիւնհոդոսական նիստեր, ներառեալ ընտանիքի մասին գումարուած այս օրերուն սիւնհոդոսը, որոնցմէ  14 հերթական սիւնոհոդոսներ եղած են,  երեքը արտակարգ եւ տասը յատուկ սիւնհոդոսներ։

14 սիւնոհոդոսները անդրադարձան կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաւատքին, Քահանաներու կազմաւորումին, աշխարհի մէջ արդարութեան, ժամանակակից աշխարհի աւետարանացումին, ապաշխարութեան ու հաշտութեան, աշխարհականներու կոչումին ու անոնց առաքելութեան, նուիրեալ անձերու կեանքին եւ եպիսկոպոսներու հովուական խնամակալութեան, Սուրբ Հաղորդութեան եւ Աստուծոյ Խօսքին եկեղեցւոյ կեանքին ու անոր առաքելութեան ինչպէս նաեւ նոր աւետարանութեան եւ ընտանիքին։ 

Երեք արտակարգ սիւնհոդոսները յատկացուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի միջեւ համագործակցութեան, Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի 20- դ տարեդարձին, վերջինը՝ անցեալ տարի Ընտանիքին։

Յատուկ տասը սիւնհոդոսները ապա յատկացուեցան զանազան երիրներու` Հոլանտային, Եւրոպային` 2 անգամ, Ափրիկէին 2 անգամ Լիբանանին, Ամերիկային, Ասիական ցամաքամասին, Ովկեանեան ցամաքամասին եւ Միջին Արեւելքին։

Կարդինալ Պալտիսսերի ապա շեշտեց, թէ նշանակալից է որ 27 սիւնհոդոսներէն 3-ը յատկացուեցան Ընտանիքին, որ կը յատկանշէ Եկեղեցւոյ ուշադրութիւնը ժամանակակից աշխարհի նկատմամբ։

Ան ապա մէջբերելէ ետք Քահանայապետերու սիւնհդոսի մասին արտասանած խօսքեր հաստատեց. թէ մեր  կամքն է շարունակել ''միասին ընթանալու'' ճանապարհը, մենք եպիսկոպոսներս Պետրոսի հետ ու Պետրոսի առաջնորդութեամբ, Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդի ծառայութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.